Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ առնուազն կէս միլիոն բնակչութիւն: Ազատագրուած հողերը պէտք է շէնանան ու ծաղկին: Արցախը իր քաղաքներով ու գիւղերով պէտք է բարգաւաճի ու զօրանայ:
Հայաստանի բանակի զինավառութիւնը պէտք է սարսափեցնէ թշնամին, անոր կրթական մակարդակը պէտք է նախանձը շարժէ ամէնէն յառաջադէմ երկիրներու ժողովուրդներուն, անոր առողջապահական համակարգը պէտք է կարենայ բուժել ու դարմանել բոլոր հիւանդները՝ անկախ իրենց նիւթական վիճակէն, անոր ընկերային ապահովութեան ծրագիրը պէտք է կարենայ անամպ երկինք խոստանալ բոլոր տարեցներուն:
Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին նուիրուած հաստատութիւններն ու կառոյցները պէտք է կարենան ամէնէն արդիական, ամէնէն արդիւնաւէտ ծրագիրներուն միջոցաւ, հայ մշակոյթ, լեզու ու պատմութիւն սորվեցնել փափաքող բոլոր հայ պատանիներուն, միեւնոյն ժամանակ՝ այլասերման եւ ուծացման ճանապարհ բռնողներուն համար ազգին գիրկը վերադարձնելու համոզիչ ճանապարհներ գտնել:
Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի հետապնդումը դնել այնպիսի ամուր հիմերու վրայ, որպէսզի կարենայ չէզոքացնել թրքական պետական դաւերը, եւ միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական շրջանակները արդարութեան ու ճշմարտութեան հաղորդ դարձնել:
Այս ամէնը երազային ու անիրագործելի կրնան նկատուիլ: Արդարեւ, մեր այսօրուան հնարաւորութիւնները, պետական պիւտճէներն ու հայաստանեան թէ արտահայաստանեան ազգային կառոյցներու հարստութիւնը չափազանց անբաւարար են նման խնդիրներ լուծելու համար:
Համահայկական զօրաշարժի կարիքը ունինք, անկասկած, որպէսզի կարենանք մեր երազը իրականացնել, որպէսզի կարենանք մեր ազգային խնդիրներու բարւոք լուծման համար ամուր կռուաններ ստեղծել:
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը ազգային խնդիրները դասակարգելու, յստակ առաջնահերթութիւններ ճշդելու եւ անոնց լուծման ի խնդիր՝ արդէն ստեղծած է համազգային զօրաշարժի հարուստ աւանդ մը, զոր պէտք է ամէն գնով փայփայենք, խորացնենք, հարստացնենք: Տարուէ տարի աւելի կատարելագործուած կազմակերպուածութեամբ, ամբողջականօրէն թափանցիկ հաշուետուութեամբ, պէտք է կարենանք այս հիմնադրամը վերածել մեր դէմ ծառացած բիւր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուժականութեան անսպառ աղբիւրի:
Թիկունք կանգնինք «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին. մեր կարելին ընենք, որպէսզի համազգային զօրաշարժի այս գաղափարը կրող կառոյցը աւելի կենսունակ, աւելի ամէնահաս ու աւելի հզօր դառնայ: