ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ազատութիւն».- Ըստ Արիս արք. Շիրվանեանի, Երուսաղէմի Հայոց 91ամեայ պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեան, միաբաններու տարեկան ժողովին ներկայացուցած է գրաւոր դիմում մը՝ առաջարկելով կանոնակարգ մշակել աթոռակից պատրիարք ընտրելու համար:
«Առողջական անկարողութեան պատճառով աթոռակից պատրիարք ունենալու մասին պատրիարք սրբազանին դիմումը անակնկալ էր», յայտնած է Արիս արք. Շիրվանեան, աւելցնելով, որ միաբանութեան տարեկան ժողովի օրակարգին վրայ նշեալ հարցը ընդգրկուած չէր:
Նշենք, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ընդհանուր ժողովը իրականացած է Նոյեմբեր 15-18ի միջեւ, եւ անոր մասնակցած են նաեւ միաբանութեան անդամներ ԱՄՆէն եւ Աւստրալիայէն:
Կանոնակարգը մշակելու աշխատանքները կ՛աւարտին մինչեւ 2011ի Մարտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.