Մեր համայնքի առօրեային հետեւող ոեւէ անձի աչքէն չի կրնար վրիպիլ այն փաստը, որ անօրինակ աշխուժութիւն մը կը տիրէ հայկական կեանքին մէջ:
Արդարեւ, արագ ակնարկ մը նետելով մեր համայնքային օրացոյցին վրայ՝ պիտի նկատենք, որ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռնարկները զիրար կը հրմշտկեն, զիրար կը խաչաձեւեն:
Որեւէ միութեան մը վարչութիւնը, որ կը մտադրէ ձեռնարկ մը կազմակերպել ու կը նայի օրացոյցին վրայ գրաւուած թուականներուն, մինչեւ վեց ամսուան միջոցին ազատ երեկոյ մը կրնայ չգտնել եւ յուսահատութեան մատնուիլ:
Բարեբախտաբար, յուսահատութիւնը չի թուիր ըլլալ մեր վարչականներուն վայել նկարագրային յատկանիշ, ու նորանոր ձեռնարկներու մասին տեղեկագրութիւնները կը շարունակեն խճողել օրացոյցը՝ իր ամբողջ երկայնքով ու լայնքով:
Այս խճողուածութիւնը, անշուշտ, կրնայ պատճառ դառնալ, որ որոշ ձեռնարկներ, մանաւանդ անոնք, որոնք նիւթական ապահովելու ակնկալութեամբ կը կազմակերպուին, տուժեն եւ սպասուած յաջողութիւնը չարձանագրեն: Համայնքի այն հատուածը, որ ներգրաւուած է ազգային կեանքին մէջ, ընդհանրապէս այնքան ծանրաբեռնուած է նիւթական տարբեր պարտաւորութիւններով ու յանձնառութիւններով, որ շատ դիւրութեամբ կրնայ որեւէ ձախողութենէ մը յուսախափուելով՝ խուճապի գիրկը իյնալ:
Ազգային կրթական, հոգեւոր, մշակութային, մարզական ու բարեսիրական կառոյցները, հաստատութիւններն ու միութիւնները, բոլորը, ներկայ տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեան տակ իրենց գործունէութեան տարողութիւնն ու ծաւալը վերանայելու ստիպողականութիւնը կը դիմագրաւեն: Նահանջելու, կծկուելու, սեղմելու մարտավարութիւնը այսպիսի պայմաններու տակ, նոյնիսկ պետութիւններու քաղաքական ղեկավարութեան համար, ճգնաժամը դիմագրաւելու նախընտրելի միջոցներ կը նկատուին:
Ի պատիւ մեր միութեանց ղեկավարութեան ու շարքերուն, նահանջը, կծկուիլը, փրկութեան ճանապարհներու ցուցակին մէջ չեն առնուիր: Բնազդով թէ պարզապէս պայծառամտութեան շնորհիւ, միութեանց պատասխանատուները կը գիտակցին, թէ անգամ մը որ բռնեն նահանջի ճամբան, վերականգնել նախկին վիճակը գրեթէ անհնար պիտի դառնայ՝ նոյնիսկ տնտեսական ամէնէն փայլուն պայմաններու տակ:
Այս մտածելակերպն է մեր միութենական կեանքի մղիչ ուժը, եւ ատոր արդիւնքով է որ ընկերային փոքրաթիւ հաւաքներէն մինչեւ միլիոնաւոր տոլարներ հանգանակելու կոչուած ձեռնարկները իրարու կը յաջորդեն, զիրար կը խաչաձեւեն…
Կը գնահատենք մեր համայնքի կենսունակութիւնը պահպանող բոլոր միութիւնները, բոլոր միութենականները, պատասխանատու թէ պարզ անդամները, բոլոր համակիրները, նեցուկ կանգնողները, բարոյական կորով ներարկող մտաւորականներն ու նիւթական աջակցութիւն չզլացող գործարարները, մարտնչող, պայքարող, հայօրէն, հայկականութեամբ ապրող մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամի մասնակցութիւնը: