ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ սկսած 2011ի պետական պիւտճէի քննարկումները, Դեկտեմբեր 7ին ներկայացուած են ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին: ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոյեան յայտնած է, թէ 2011ին, սոյն ոլորտին համար նախատեսուած է 20 միլիոն դրամ աւելի գումար քան 2010ն, եւ այդ գումարը պիտի ուղղուի ոչ թէ ծրագիրներու, այլեւ՝ գիտարուեստական շարք մը խնդիրներու լուծման: Արտաքին գործոց նախարարին փոխանցած տեղեկութիւններով, ոլորտին մէջ աշխատողներու աշխատավարձքի բարձրացում չի նախատեսուիր։
Յղում ընելով պետական պիւտճէի նախագիծին, ուր նշուած է, որ Հայաստանի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան համար նախատեսուած է 100 միլիոն դրամ, որ կը կազմէ ամբողջ ոլորտին յատկացուելիք գումարին 20 տոկոսը՝ պատգամաւոր Վահրամ Աթանէսեան հարց տուած է, եթէ մնացեալ 450 միլիոն դրամը պիտի բաշխուի միւս ներկայացուցչութիւններուն միջեւ, եւ եթէ կը նախատեսուի նոր ներկայացուցչութեան բացում: Ի պատասխան՝ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութիւնը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ առանձին տողով, որ ըստ իրեն, կապուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու եւ համապատասխան աշխատանքներու ծաւալներուն հետ: Այդ մօտեցումը գործադիրը չէ փոխած։
Խօսելով նոր ներկայացուցչութիւն բանալու մասին՝ նախարարը յայտնած է, թէ Պրիւքսելի մէջ երկու տարի շարունակուող քննարկումները՝ ներկայացուցիչ ունենալու հետ կապուած, վերջապէս գալիք տարուան ընթացքին պիտի տան իրենց արդիւնքը. «2011ի ընթացքում մենք պէտք է ներկայացուցիչ ունենանք Պրիւքսելում, քանի որ Եւրոպան չափազանց շատ է աքթիւացել մեր տարածաշրջանում», նկատել տուած է Գէորգի Պետրոսեան: