ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը աստիճանաբար սկսած է վերածուելու ներքին կանոններով ղեկավարուող փակ տարածքի, ուր կոպտօրէն կը խախտուին քաղաքացիներու տարրական իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Ատրպեճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի լրագրողներու ազատութեանց եւ ապահովութեան հիմնարկի թղթակից Էլման Ապպայով ըսած է, թէ յիշեալ տարածքը փակ է օտարերկրացիներուն համար, եւ թէ հոն կը գործէ Նախիջեւանի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վասիֆ Թալըպովի բռնապետական վարչակարգը:
Օրինակի համար, խորհրդարանական ընտրութիւններու շեմին, շրջանի բնակիչներուն վախցուցած են՝ պահանջելով քուէարկել իշխող «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան ի նպաստ:
«Իշխանութիւններու կամաւորները ամէնուրեք կը հետեւին քաղաքացիներուն՝ փորձելով թոյլ չտալ այլախոհութիւն, իսկ համարձակները կը նետուին հոգեբուժարաններ», ըսած է ան:
Հիմնարկի տնօրէն Էմին Հուսէյնով աւելցուցած է, թէ Պաքուի իշխանութիւնը աչք կը փակէ ինքնավար հանրապետութեան մէջ շարունակուող մարդկանց իրաւունքներու խախտումներուն նկատմամբ, որուն պատճառով, անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն տեղեկացնել համաշխարհային հանրութիւնը՝ Նախիջեւանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին: