
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Հայ առաքելական, Ասորի ուղղափառ եւ Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցներուն, տարուան ընթացքին միատեղ պատարագ, եկեղեցական արարողութիւններ, եկեղեցականաց հաւաքներ, երիտասարդաց թէ աշակերտական աշխատանքային հանդիպումներ կը կազմակերպէ։
Միջթեմական կիրակնօրեայ վարժարաններու կազմակերպիչ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ առաջնորդներուն, Շաբաթ, Նոյեմբեր 20ին, տեղի ունեցաւ միջկիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտական 6րդ միօրեայ դաստիարակչական ծրագիրով տարեկան հաւաքը, Նորթրիճի Ս. Մարիամ Ղըպտի եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9:30էն կ.ե. ժամը 3։ Ս. պատարագը մատուցեցին Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոսը, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսը եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։ Ներկայ էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի զոյգ վարիչներ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ։
Քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ եւ աշակերտներ իրենց մայրենի լեզուներով պատարագի երգեցողութեան մասնակցեցան։ Աշակերտական հաւաքին նշանաբանը քրիստոսաւանդ հետեւեալ պատուիրանն էր. «Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» (Ղուկաս 18։16):
Պատարագի ընթացքին աշակերտներ Ս. հաղորդութիւն ստացան, իսկ աւարտին՝ առաջնորդներ իրենց քաջալերական ու սրտի խօսքը փոխանցեցին աշակերտութեան։
Հաւաքական խմբանկարէ եւ ճաշէ ետք, շուրջ հարիւր յիսուն աշակերտներ, տարիքի համաձայն, բաժնուեցան խումբերու եւ վարիչ-ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբ գրային մրցում՝ Ղուկաս աւետարանի 13-24 գլուխներուն շուրջ:
Յաղթական խումբեր ստացան բաժակներ, իսկ մրցումին մասնակցող աշակերտները՝ յատուկ ժապաւէններ։
Դաստիարակչական միօրեայ հաւաքի աւարտին, աշակերտները ու դաստիարակ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, քրիստոնէական հաւատքի եւ հաւաքական կեանքի օրինակելի մթնոլորտի մէջ փոխադարձ փորձառռւթիւններով հարստացած՝ գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց շրջանները։