ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Դեկտեմբեր 16 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք, թէ «Լինսի» հիմնարկը այս շաբաթ 200,000 տոլարի օժանդակութիւն յատկացուցած է «Մեսրոպեան» Ազգային վարժարանին՝ 2010-2011 կրթաշրջանին համար:
«Այս նուիրատուութիւնը մեծապէս պիտի սատարէ «Մեսրոպեան»ի յառաջդիմութեան եւ զարգացման. դպրոցը արդէն ձեռնարկած է կրթական, ուսուցողական, կրթաթոշակային, կարգապահական ու արհեստագիտական մակարդակներու վրայ գերազանցման նուաճման գործին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Խորապէս շնորհակալ ու երախտապարտ ենք մեր վարժարանին նկատմամբ «Լինսի» հիմնարկի ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան», յայտնած է «Մեսրոպեան»ի տնօրէն իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեանը: Ան աւելցուցած է. «Այս տարուան 200,000 տոլար աջակցութեան հայթայթումը պիտի օգնէ մեր դպրոցին, իրականացնելու համար բազմաթիւ թիրախներ, որոնք մաս կը կազմեն «Լինսի» հիմնարկին ներկայացուցած մեր ծրագիրներուն»: