
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արդէն իսկ հրապարակի վրայ է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի պաշտօնաթերթին նորագոյն թիւը:
Գունաւոր եւ երկլեզու պարբերաթերթը մեծամասնութեամբ անգլերէնով է, սակայն անոր մէջ Սանան Շիրինեան («Երկտող Մը Ձեզի, Ընկերուհիներ»), Վերժինի Թուլումեան («Կազմաւորենք Գալիք Սերունդը») եւ Մարկարիթա Յովհանէսեան («Հնամենի Գիւմրի») ունին հայերէնով գրութիւններ:
Խմբագրականին կողքին, թերթին մէջ կայ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի ու ջաւախքահայութեան հետ հարցազրոյցներ: Այս վերջինը կատարուած է Դանիէլ Օհանեանի կողմէ:
Նաեւ, Գիւմրիի մէջ ՀԵԴի այս տարուան Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրին մասնակցած կամաւորներէն Կարին Սասունեան ու Ալինա Սուքիասեան, իրենց տպաւորութիւններուն ու փորձառութեանց մասին յօդուածներ ունին այս թիւին մէջ, իսկ Ռուանտայի ցեղասպանութեան մասին յօդուած մը ստորագրած է Անահիտ Եահճեանը:
Նաեւ, այս թիւով տեղեկատուական էջ մը կայ ՀԵԴի Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտին մասին, իսկ ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի՝ այս ամառ Արարատ մագլցած խումբէն Էտնա Բաղումեան յօդուած մը ունի իր ու խմբակի միւս անդամներուն տպաւորութեանց մասին: Դարձեալ սոյն թիւին մէջ Կարէն æալլատեան Գիւմրիի մասին յօդուած մը ստորագրած է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ձրիաբար բաժանորդագրուելու համար, այցելել www.haytoug.org կայքը: