Տ.Յ.Տ.

Կիրակի, Հոկտեմբեր 31ին, թեմիս Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներս հաւաքուեցանք Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի «Թումանեան» սրահը՝ պատուելու բոլորիս սիրելի ուսուցիչի՝ Գրիգոր Մսրլեանի, 20 տարիներու ծառայութիւնը։ Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Սրբազան հօր՝ Անթիլիասի Մայրավանքի ժողովին մասնակցելու պատճառով, զինք փոխարինեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Պատուոյ հիւրին եւ իր ընտանիքի ժամանումէն ետք, հանդիսավարուհի Արփինէ Կիտցինեան բարի գալուստի խօսքով բացաւ հանդէսը՝ բեմ հրաւիրելով եկեղեցւոյս զոյգ հոգեւոր հովիւները՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը, օրհնելու համար սեղանները։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Սագօ Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան միատեղ նուագեցին ու երգեցին հոգեւոր երգեր։ Յաջորդիւ, Շաքէ Սեդրակեան կարդաց Պօղոս առաքեալի նամակը՝ իր աշակերտ Տիմոթէոսի: Սօսի Կապրիէլ հոգեշունչ կերպով արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցան» բանաստեղծութիւնը՝ զայն նմանցնելով Գրիգոր Մսրլեանի աշխատանքին՝ Աստուածաշունչի բարի սերմերը մեր հոգիներուն մէջ ցանելով։ Վարդուհի Թըրնըր կարդաց Յովհաննու Աւետարանի 15րդ գլխուն առաջին համարները: Հեղինէ Հարպոյեան երգեց զոյգ շարականներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Գոհար Թորանեանի՝ հոգեւոր մթնոլորտը աւելի գեղեցկացնելով։
Լուսաբեր Գապագլեան կարդաց Ա. Սաղմոսի սկզբնական երեք տողերը, իսկ Սարգիս Տէրվիշեան գեղեցիկ կերպով արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուի»ն:
Անահիտ Ներսէսեան եւ Զուարթ Մէրմէրեան կարդացին Պօղոս առաքեալի նամակը՝ ուղղած Փիլիպեցւոց, նաեւ Առակաց գիրքի առաջին գլխուն 1-9 համարները։
Ապա Յակոբ Տիգրանեան կարդաց յոբելեարին կենսագրականը՝ սկսած իր ծննդավայր Պաղտատէն մինչեւ Հաքենսագ, Նիւ Ճըրզի, եւ յետոյ Կլենտէյլ։ Ան իր հոգեւոր դաստիարակութիւնը ստացած է Էմմանուէլ Աստուածաշունչի քոլեճին մէջ, ապա ուսած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Նորթրիճի համալսարանի կրօնական բաժինին մէջ։ Ծառայած է մեր եկեղեցւոյ ու հայ ազգին։
Այս ուրախ առթիւ բոլորիս կողմէ գեղեցիկ յուշատախտակ մը նուիրուեցաւ մեծարեալին, առ ի շնորհակալութիւն իր երկարամեայ կամաւոր աշխատանքին, նոյնպէս ոսկեայ խաչ մը՝ իր լամբակին վրայ կրելու։
Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեան իր իւրայատուկ եւ գեղեցիկ խօսքով վեր առաւ յոբելեարին կատարած դժուարին աշխատանքը, մեզի յիշեցնելով, թէ «Գրիգոր եղբայրը պատուելով՝ մենք պատուած կ՛ըլլանք ու կը պաշտենք իր մէջ գտնուող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը»։ Ան քաջալերեց յոբելեարը շարունակելու իր աշխատանքը ի փառս Աստուծոյ։
Գնահատական իրենց խօսքերով նոյնպէս ելոյթ ունեցան զոյգ հոգեւոր հովիւները, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան։
Յաջորդիւ, յոբելեարը խօսք առնելով՝ յուզուած՝ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, զինք խրախուսելուն եւ իրեն թիկունք կանգնելուն համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր կողակիցին, զաւակներուն եւ ընտանիքին, որոնք համբերութեամբ զօրավիգ կանգնեցան իրեն։ Նաեւ շնորհակալութիւն՝ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք սոյն ձեռնարկը իրագործեցին։

Ճաշի աւարտին, պատկերազարդ ալպոմ մը նուիրուեցաւ Գրիգոր Մսրլեանի, որուն մէջ իր աշակերտ-աշակերտուհիները իրենց բարեմաղթութիւնները գրած էին։ Ապա եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը յանձնուեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան։ Կարօ Գոճապապեան նկարահանումը կ՛ընէր գեղարուեստական հանդէսին, մինչ Սեդա Գապագլեան սահիկներով ցոյց կու տար Գրիգոր Մսրլեանի եկեղեցական շրջաններու մէջ կատարած աշխատանքի նկարները։
Հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ այս գեղեցիկ հանդէսը։