ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Խօսելով Դեկտեմբեր 18ին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) 20ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստի ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին մէկ բաժինին մասին, ըստ որուն, պաշտօններ զբաղցնելը կապ չունի կուսակցական ըլլալու հետ, ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է. «Քանի որ Դաշնակցութիւնն այսօր ընդդիմութիւն է, ապա քաղաքական պաշտօններ չի զբաղեցնի՝ անկախ առաջարկներից»: Ըստ իրեն, Դաշնակցութիւնը պաշտօն չի ստանձներ այն պատճառով, որ կուսակցութիւնը իր պատկերացումներով կ՛ուզէ վերահաստատել սեփական ուղեգիծը:
Ռուստամեան նաեւ յոյս յայտնեց, թէ թիկնազօրի հետ կապուած խնդիրները նախագահի ելոյթէն ետք կը լուծուին։ «Կարծում եմ հիմնական խնդիրն այն է, որ պէտք է հետամուտ լինել այն յայտարարութիւնների իրականացմանը, որոնք հնչեցւում են բարձր մակարդակով, եւ որպէսզի նրանք չմնան միայն նախագահի տեսակէտներ, այլ իրականացուեն երկրում լիարժէքօրէն եւ ամբողջական», ըսած է ՀՅԴ ներկայացուցիչը։
«Մեր հիմնական պահանջներից մէկն էր թիկնազօրային ծառայութեան հետ կապուած խնդիրների յստակեցումը, եւ երկու օր առաջ Ս. Սարգսեանը եւս անդրադարձաւ այդ խնդրին՝ ընդգծելով, թէ Ազգային ժողովն այս իմաստով անելիք ունի», ըսած է Ա. Ռուստամեան, միաժամանակ յիշեցնելով, որ անոր վերաբերող նախաձեռնութիւնը ՀՅԴն վաղուց ներառած է ԱԺ օրակարգի մէջ, քանի որ ասիկա առաջին տարին չէ, որ կարեւոր կը համարէ այդ խնդիրը, «Սակայն մինչեւ այսօր օրէնքը մնացել է օդից կախուած վիճակում», աւելցուցած է ան:
Իր կարգին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան, անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթի այն հատուածին, ուր կը խօսուէր կաշառակերութեան մասին, զոր պետութեան ղեկավարը կը համարէ «Հայաստանի առաջընթացի թիւ մէկ խոչընդոտը»՝ յայտնած է. «Նախագահ Սերժ Սարգսեանն իր ելոյթում ճիշդ, նպատակային ու տեղին շեշտադրումներ արեց կաշառակերութեան ու կոռուպցիայի վերաբերեալ: Այդ ուղղութեամբ վաղուց էր պէտք ինչ որ քայլեր անել, ինչի մասին մենք բազմիցս բարձրաձայնել էինք»։
Մինասեան միաժամանակ նշած է, թէ ինք քիչ յոյսեր կը կապէ այդ ուղղութեամբ քայլեր իրականացնող քաղաքական խումբին ու կառավարական կազմին հետ. «Խնդիրն այն է, թէ արդեօ՞ք նախագահի խօսքին կը հետեւեն յստակ գործողութիւններ՝ պատասախանատու անձանց եւ այն քաղաքական թիմի կողմից, որը ստանձնում է այդպիսի պատասխանատուութիւն», հարց ուղղած է դաշնակցական պատգամաւորը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.