ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ Դեկտեմբեր 20ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ ու Երեւանի աւագանիի անդամներ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, շնորհաւորելով Երեւանի քաղաքապետը՝ անոր մաղթեց նոր եռանդ, հաստատակամութիւն եւ յաջողութիւն:
Ստանձնելով քաղաքապետի պաշտօնը՝ Կ. Կարապետեան երդուեց իր լիազօրութիւնները իրականացնելու ընթացքին պահպանել Հայաստանի հանրապետութեան սահ-մանադրութիւնը, օրէնքները, աւագանիին որոշումները, նաեւ ազնուօրէն ու բարեխղճօրէն պահպանել քաղաքացիներուն լիազօրութիւնները, ծառայել Երեւանի բարգաւաճման եւ գործել ի բարօրութիւն բնակիչներու: «Պարտաւորւում եմ հոգ տանել մեր հնագոյն մայրաքաղաքի փառքի պահպանման եւ բազմապատկման համար, պաշտպանել համայնքի իրաւունքները, օրինական շահերը եւ սեփականութիւնը, ուժերիս անմնացորդ նուիրումով նպաստել ժողովրդի հաւատքին, նրա իրաւական եւ հոգեւոր կեանքին, աջակից լինել ամէն մի ազնիւ նախաձեռնութեան, որն ուղղուած կը լինի իմ համաքաղաքացիների նուիրական գաղափարների իրականացմանը», յայտնեց Կ. Կարապետեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.