ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ, Նոյեմբերի կէսերուն արձանագրուած հրադադարի խախտման նկատելի անկումը վերջին երկու շաբաթներուն, կրկին իր տեղը զիջած է հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուող աշխոյժ գործողութիւններուն, որոնք իրականացած են տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերու կիրառումով:
Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մամլոյ ծառայութեան, միայն Դեկտեմբեր 12-18 ժամանակամիջոցին, ատրպեճանական բանակի առաջապահ ուժերը շփման գօտիի տարբեր հատուածներու վրայ հրադադարը խախտած են աւելի քան 80 անգամ՝ ղարաբաղեան դիրքերու վրայ շուրջ 450 կրակոց արձակելով: ՊԲ դիրքապահ ստորաբաժանումներուն պատասխան գործողութիւններէն ետք, հակառակորդը դադրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.