ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 19ին ընդունած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցերով հիմնական զեկուցող Թոմաշ Փորեպան, քննելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Երկուստեք նշուած է, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ վերջնական կայունութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է լիարժէք երկխօսութիւն հաստատել հակամարտող բոլոր կողմերուն միջեւ:
Բ. Սահակեան եւ Թ. Փորեպա կարեւոր համարած են Եւրոպայի դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման գործին մէջ, միաժամանակ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է որակապէս նոր լիցք հաղորդել եւրոպական տարբեր կառոյցներու եւ Արցախի միջեւ կապերուն: Այս համաթեքսթին մէջ անոնք կարեւոր համարած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ իրենց այցերը, որոնք թոյլ կու տան աւելի յստակ պատկերացում կազմել ԼՂՀի եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.