ՊՈԼԻՍ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Իրանի հիւլէական ծրագիրին, «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած գաղտնի փաստաթուղթերուն, Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան եւ այլ հարցերու։ Խօսելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին՝ Օպամա ըսած է. «Վստահ եմ, որ թուրք-ամերիկեան համագործակցութիւնը, ներկայ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններու տեսանկիւնէն՝ աւելի քան երբեք կարեւոր են։ Մեր ընդհանուր շահերը, ընդհանուր արժէքները կը զօրացնեն մեր յարաբերութիւնները մինչեւ անգամ այն ժամանակ, երբ մենք որոշ անհամաձայնութիւններ ունինք»։
Ան աւելցուցած է. «2009ի Ապրիլին այցելած էի Թուրքիա, ուր ես ընդգծեցի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ յայտարարեցի, որ դարաշրջանի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան պէտք է կողք-կողքի աշխատին»։
Անդրադառնալով «Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերուն, որոնց մէջ կը նշուի նաեւ շարք մը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնց շարքին՝ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անունը, Օպամա յայտարարած է, որ այդ փաստաթուղթերը չեն կրնար որեւէ կերպով ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ։
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին, ապա Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերահաստատած է այդ հարցին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ Անգարային ցուցաբերուող աջակցութիւնը։ «Հակառակ անոր, որ այստեղ որոշողը մենք չենք, սակայն այնուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ աջակցիլ Թուրքիոյ, եւ անոր կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու անդամակցութեան համար անհրաժեշտ բոլոր բարեփոխումները», ըսած է Օպամա։
Հարցազրոյցին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կոչ ուղղած է երկկողմանի յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղիներ փնտռելու։ «Թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակիցներն են, եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները տարածաշրջանային կայունութեան տեսանկիւնէն կարեւոր են։ Ես յարաբերութիւններու վերականգնման համար ողջամիտ ուղի գտնելու հարցին մէջ կ՛աջակցիմ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ, եւ կոչ կ՛ուղղեմ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար՝ կարելին ընելու», ըսած է Օպամա։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.