ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթի վերլուծաբան Ֆիքրեթ Էրթան, իր «Հայաստան կը շարունակէ զինուիլ» խորագիրով յօդուածին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, թէ հակառակ անոր, որ Հայաստանը Կովկասի ամէնէն մարտունակ բանակն ունի, սակայն այդ իրողութեամբ չի բաւարարուիր եւ առաւել եւս հզօրանալու քայլերու կը դիմէ:
«Հակառակ անոր, որ Հայաստան քիչ բնակչութիւն ունի, անիկա կը համարուի Կովկասի ամէնէն արհեստավարժ, ամէնէն լաւ պատրաստուած եւ ամէնէն ճկուն զինուած ուժերն ունեցող երկիրը։ Թէ ինչքանո՞վ այս ամէնը ճիշդ է՝ դժուար է ըսել», նշած է Էրթան՝ յիշեցնելով, որ նախապէս Հայաստան կրցած է ատրպեճանական հողերու 20 առ հարիւրը «բռնագրաւելով»՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ առաւելութեան հասնիլ։
«Հայաստան չի բաւարարուիր ներկայ իր ռազմական հզօրութեամբ, եւ կը նախատեսէ առաւել հզօրացման քայլերու ձեռնարկել։ Օրինակի համար, Հայաստանի մէջ ընդունուած է զինուած ուժերու արդիականացման ծրագիրը, որ կը նախատեսէ 2011-2015 թուականներուն զէնքերու արդիականացում եւ զարգացում։ Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ սեփական ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացում։ Այսօր Հայաստանի ձեռքը կան հակառակորդի որոշ թիրախներուն ուղղուած հրթիռներ, օրինակ՝ ռուսական «Սքատ»ը։ Հաւանաբար «Սքատ»էն բացի այլ զինատեսակներ ալ կան, որովհետեւ յայտնի է, թէ Ռուսիան Հայաստանի փոխանցած է արդիական զէնքեր։ Այս ծիրին մէջ, հաւանական է, որ Հայաստան տիրապետէ նաեւ հեռահաս հրթիռներու», գրած է թրքական օրաթերթի վերլուծաբանը՝ ընդգծելով, որ Ռուսիան Հայաստանի կ՛օգնէ նաեւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։
Թուրք վերլուծաբանը նշած է, թէ Հայաստանի հակառակորդները այս ամէնուն պէտք է անպայման ուշադրութիւն դարձնեն, յատկապէս՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի նշած հեռահաս հրթիռներուն. «Կ՛երեւի, թէ հակառակորդներու դէմ ուղղուած Հայաստանի ռազմական ծրագիրները մենք ալ պէտք է առնենք», եզրափակած է Էրթան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.