ՊՈԼԻՍ.- Թուրք երեսփոխան Օնուր Էօյմեն յայտարարած է, թէ Հայաստանի դէմ պատերազմի պարագային, Ատրպէյճան կրնայ իր յոյսը դնել Թուրքիոյ վրայ։ «Թուրքիա, որեւէ պարագայի, պիտի աջակցի Ատրպէյճանին», ըսած է ան:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ պիտի մնայ՝ անկախ այն բանէն, թէ ո՞ր կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ կը գտնուի։
«Ատրպէյճանի հարցը մեզի համար ոչ թէ կառավարութեան հարց է, այլ՝ ազգային։ Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ ժողովուրդին զգացումներուն եւ փափաքներուն դէմ կենալ։ Ղարաբաղեան հարցը թուրք ժողովուրդին համար նոյնքան ազգային հարց է, որքան կիպրականը», ըսած է Էօյմեն։
Թուրք երեսփոխանը նաեւ յայտարարած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պէտք է թրքական խորհրդարանէն ետ կանչուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.