ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հայկական եւ թրքական լոպիներուն միջեւ պայքարը «պատերազմ» կը նկատէ։ Բանաձեւը քուէարկութեան դնելու հայկական կողմի ջանքերուն դէմ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ թուրք դիւանագէտներ բանաձեւին որդեգրումը կանխարգիլելու ջանքերը կը շարունակեն:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը բանակցի Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ՝ նոյն տան լիագումար նիստի օրակարգին վրայ բանաձեւի ներառումը կանխարգիլելու համար։
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը կանխարգիլելու համար կը բանակցի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի կամ այլ անդամներու հետ»՝ Քրաուլի յայտարարած է. «Չեմ կրնար ըսել՝ Հիլըրի Քլինթըն այս հարցին առնչութեամբ կը բանակցի, թէ ոչ, սակայն մենք Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ կապի մէջ ենք»։
Լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչը՝ կը հաղորդէ, թէ նախարարութիւնը բանաձեւի որդեգրումին դէմ է:
Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր, փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք, Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսած է թիւ 252 բանաձեւին մասին։ Ան ըսած է. «Ճիշդ չեմ նկատեր, որ մեզ անհանգստացնող այդ բանաձեւը անընդհատ իբրեւ գործիք օգտագործուի մեր դէմ»։ Չիչեք իր խօսքին մէջ ընդգծած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ անոնց հասցուելիք վնասին հաւանականութիւնը։
Թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ կանխարգիլելու համար բանաձեւի՝ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառումը։ Ըստ կայքէջին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան անձամբ հեռաձայնած է քոնկրեսականներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախկին նախարարներու եւ ազգային ապահովութեան խորհրդատուներուն։
Թուրքիոյ դեսպանատան գործադրած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք, Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի պալատը եւս ներգրաւուած է այս արշաւին մէջ։ Առեւտուրի պալատի աշխատակիցները Քոնկրեսի անդամներուն ուղղած են կոչ մը, որուն մէջ նշած են, թէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կարեւոր են եւ զանոնք պէտք չէ վտանգել։
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, թէ Անգարա յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս անգամ եւս խելամտութիւն կը ցուցաբերէ թիւ 252 բանաձեւի հարցին ուղղութեամբ։ «Մենք գիտենք, որ վաղը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, այդ բանաձեւին շուրջ կրնայ քուէարկութիւն տեղի ունենալ։ Այդ մասին տեղեկանալով՝ մենք եւ Ուաշինկթընի մօտ մեր դեսպանը, ձեռնարկեցինք բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն։ Մենք, յետայսու, թոյլ չենք տար, որ այսպիսի բանաձեւեր «դամոկլեան սուրի» նման կախուին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու գլխուն վրայ», ըսած է Տաւութօղլու։
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս Երկուշաբթի օր բանաձեւի որդեգրումը կանխարգիլելու համար նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ ազդարարելով, որ նման քայլ մը վնաս պիտի հասցնէ երկկողմանի յարաբերութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.