ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ԱՊՀի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտուժա ռուսական խորհրդարանի վերին պալատին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան ամավարկին անհամեմատ աճին նկատմամբ, որ վերջերս նոյնպէս ՄԱԿի ուշադրութիւնը գրաւած էր:
Պորտուժա աւելցուցած է, թէ ԱՊՀ կը զօրակցի ահաբեկչութեան, թմրեցուցիչներու մաքսանենգման, զանգուածային քանդումի զէնքերու տարածման դէմ պայքարին ու բնական եւ մարդոց պատճառած աղէտներուն հետեւանքներուն վերացման համար ՆԱԹՕի հետ գործնական գործակցութիւնը։ «Արեւելեան Եւրոպա հասնելով՝ ՆԱԹՕի զինուորական ենթակառոյցը կը մօտենայ ԱՊՀի պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածք։ Այդ մէկը մեզ կը մտահոգէ։ Զինարշաւը, լարուածութեան աճն ու անվստահութեան մթնոլորտը ակներեւ են։ Մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕի, իսկ միւս կողմէ՝ ԱՊՀի եւ ՆԱԹՕի միջեւ գործակցութիւնը կրնայ նուազեցնել այս լարուածութիւնը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.