ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Ազգային ժողովը Դեկտեմբեր 21ին շարունակեց «Լեզուի» եւ «Հանրակրթութեան մասին» վիճայարոյց օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու եւ լրացումներու քննարկումը:
Նշեալ օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններուն ընդդիմացող պատ-գամաւորներուն գնահատումով, կառավարութիւնը պարզապէս դիմած է խորամանկ քայլի՝ «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելով, իսկ հանրակրթութեան ոլորտին մէջ միջազգային կրթական ծրագիրներու իրականացման առանձնայատկութիւնները կը սահմանուին «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքով:
«Մեղմ ասած՝ խորամանկութիւն արուեց, լեզուի հետ կապուած խնդիրները տեղափոխուեցին «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքի մէջ, եւ միայն մէկ յղում արուեց «Լեզուի մասին» օրէնքում: Այդպէս կարելի է ցանկացած հարց լուծել», ըսաւ անկախ պատգամաւոր Տիգրան Թորոսեանը:
ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի գնահատումով, այդ փաթեթով ճանապարհ կը բացուի նաեւ լեզուի ոլորտին մէջ «աղանդաւորութեան» մուտքին: «Իսկ սա արդէն ազգային անվտանգութեան խնդիր է», յայտարարեց Մինասեան եւ կառավարութեան առաջարկեց վերանայիլ որոշումները եւ հրաժարիլ «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու գաղափարէն:
Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ՝ ինչո՞ւ խորամանկ քայլի դիմած են, մանաւանդ, որ խոստացուած էր «Լեզուի մասին» օրէնքը փոփոխութեան չենթարկել, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան (ԿԳ) նախարար Արմէն Աշոտեան յայտնեց. «Ինչպէս որ խոստացուեց, այնպէս էլ արուել է: «Լեզուի մասին» օրէնքում փոփոխութիւն չի արւում, արւում է լրացում: Օրէնքը իր մէջ ազգային անվտանգութեան, ազգային ինքնութեան, հայոց լեզուի պահպանման, զարգացման ու ազգային դպրոցի կայացման որեւէ վտանգ չի պարունակում»: ԿԳ նախարարը, իր խօսքը ուղղելով այս օրինագիծերուն ընդդիմացող որոշ պատգամաւորներու՝ նկատել տուաւ, որ անոնք «հաւէսով կը գովէին այս օրէնքը երկու տարի առաջ»:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան իր ելոյթով ընդգծեց, թէ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին իր ներկայացուցած բոլոր առաջարկները ներառուած են օրէնսդրական փաթեթին մէջ, ինչ որ իրաւական առումով՝ անխոցելի դարձուցած է փաթեթը:
«Համոզուած եմ, որ օրէնքն ընդունելով, մենք մի կողմից պահպանելով մեր ազգային նկարագիրը, զարգացնելով մեր լեզուն՝ կը խուսափենք հերթական ձուլման ու օտարացման ռիսքերից, միւս կողմից՝ կրթութեան կազմակերպման հարցում կը լինենք աւելի ճկուն», ըսաւ ԱԺ նախագահը:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 21ի ԱԺ արտահերթ նիստին կառավարութեան ներկայացուցած օրակարգը սպառեցաւ ու որոշ բացառութիւններով քննարկուեցան բոլոր օրինագիծերը, իսկ Դեկտեմբեր 22ին, կ՛աւարտին քուէարկութիւնները: