Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. վարչութիւնը եւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինը սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտարարեն, թէ այս տարի եւս, հաւատարիմ մնալով տարիներու իր բարեսիրական աւանդութեանց՝ «Լինսի» հիմնարկը, իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեց թեմի ազգային վարժարաններուն։ Նուիրատուութեան ընդհանուր գումարն է մէկ միլիոն տոլար՝ բաշխուած հետեւեալ դպրոցներուն ու մանկամսուրներուն.
Ազգային Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան
Ազգային Ֆերահեան երկրորդական վարժարան
Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարան
Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարան
Ազգային Արի-Կիրակոս Մինասեան վարժարան
Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան
Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր
Ազգային Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր
Առաջնորդ սրբազանը, Ազգ. վարչութիւնն ու Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինը շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Լինսի» հիմնարկի տնօրէնութեան ու պատասխանատուներուն, որոնք ընդառաջելով իրենց խնդրանքին՝ անգամ մը եւս օժանդակութեան ձեռք երկարեցին վարժարաններուն։ Այս յատկացումները պիտի ծառայեն դպրոցներու բարգաւաճման ծրագիրներու իրականացման։
«Շնորհակալ ենք «Լինսի» հիմնարկին, Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին կատարուած այս նուիրաբերումին համար. «Լինսի»ի հաստատած այս բարի աւանդութիւնը մեծապէս կը նպաստէ մեր վարժարաններու բարելաւման ծրագիրներու իրականացման, որուն համար, մենք ու կրթական պատասխանատուները երախտապարտ ենք հիմնարկի վարիչներուն», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը: