ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անի Պչաքճեանի «Հայ Ըլլար՝ Չէ՞ր Ըլլար» կատակերգութիւնը՝ երկու արարով, բեմադրութեամբ հանրածանօթ բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանի ու խաղարկութեամբ Փասատինայի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին:
Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութը երկար տարիներէ ի վեր ծարաւը ունէր թատրոնին, ըլլայ անիկա կատակերգական թէ ողբերգական: Այդ գիշեր սրահը լեցուն էր 300է աւելի հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին յագեցնելու իրենց ծարաւը ու վայելելու «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին խաղարկութիւնը: Իսկապէս հաճելի երեկոյ մըն էր, ու մեծապէս գնահատանքի արժանի էին բոլոր դերասանները՝ Նայիրի Պէլեան, Տենի Քէշիշեան, Բեկի Ճինպաշեան, Մեխակ Եագուպեան, Յակոբ Տապպաղեան, Նազարէթ Քիւրտօղլեան, Վաչէ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ քուլիսային աշխատանք տանողները, բեմադրողն ու կազմակերպող մարմինները:
Նկատի ունենալով, որ սոյն թատերգութեան մասին մօտիկ անցեալին արդէն իսկ հանգամանօրէն անդրադարձ մը կատարուած է «Ասպարէզ»ի էջերէն, մենք պիտի խուսափինք կրկնութիւններէ ու մեր գնահատանքը տալով հանդերձ, հակիրճ կերպով պիտի անդրադառնանք «միւս երեսին», որն է՝ խառն ամուսնութեան ցաւալի եւ հետզհետէ ընդհանրացող երեւոյթին:
Ըստ երեւոյթին, թատերգութեան հեղինակ Անի Պչաքճեան իր նիւթը առած էր ինծի պէս Միջին Արեւելքէն եկած ու իր աւանդութիւնները, իր նախապաշարումները ու հաւատամքը ամուր պահած, ամերիկեան բարքերուն հետ տակաւին անհաշտ ծնողներէ, որոնց համար տակաւին ընդունելի չէ իրենց զաւակներուն՝ ոչ-հայերու հետ ամուսնութիւնը:
Գեղեցկօրէն պատրաստուած ու տպագրուած յայտագիրին մէջ, բեմադրիչին ու դերասաններուն մասին տրուած են հակիրճ կենսագրական գիծեր՝ հանդիսականներուն գաղափար մը տալով անոնց փորձառութիւններուն մասին, սակայն որեւէ տեղեկութիւն չկար հեղինակին մասին, որպէսզի աւելի լաւ ծանօթանայինք անոր մտայղացումներուն տեղի տուող այս գործին: Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «Հարցերը միշտ կ՛ունենան երկու երես»: Ըստ իս, այս նիւթն ալ ունի երկու երես. զաւեշտի կողքին, ունի նաեւ ազգային խոր մտահոգութիւն մը, որն է՝ նոր սերունդին մէջ օրէ օր տարածուող խառն ամուսնութեան հարցը:
Վարուժան Խտըշեանի ձեռքին տակ թրծուած Յակոբ Տապպաղեանը՝ իբրեւ տառապող հայրը (Գէորգ) Նայիրի Պէլեան-Մարգարեանին (Ճուլիա), ու Մեխակ Եագուպեան՝ ճկուն մայրը (Լիզ), լաւագոյնս դրսեւորեցին իրենց դերերը: Լիզ, ինչպէս մայրերը ընդհանրապէս, լաւագոյն կապն էր հօր եւ դստեր միջեւ: Իբրեւ այդպիսին, ան լաւագոյնս կատարեց իր դերը՝ երեւութապէս աւելի շուտ հաշտուելով օտար փեսայի մը ստեղծած կացութեան հետ ու, իր կարգին, համոզելով ու հանդարտեցնելով ամուսինը, որուն համար բոլորովին անընդունելի էր իր ընտանիքէն ներս օտար փեսայ մը ու խառնածին թոռներ ունենալու գաղափարը: Տապպաղեան խոր ապրումներով ու վարպետ խաղարկութեամբ լաւագոյնս կատարեց իր դերը, մինչեւ վերջին վայրկեան մնաց անհաշտ ու բեմէն պատգամեց հայ ծնողներուն, մանաւանդ՝ երիտասարդութեան, որ հեռու մնան խառն ամուսնութիւններէ:
Հոս էր հարցին «միւս երեսը», զոր կ՛ուզէի մասնաւորել: Այս ներկայացումին ընթացքին բոլորն ալ կուշտ ու կուռ խնդացին, բայց Ճուլիայի հայրը՝ Գէորգը, երբեք չխնդաց, այլ տխրեցաւ, տառապեցաւ, որովհետեւ իր դուստրը կ՛երթար օտարի գիրկը, հակառակ անոր, որ փեսան կը խոստանար շատ բաներ՝ սորվիլ հայերէն, ծանօթանալ հայոց պատմութեան, եւ այլն:
Խնդուքի եւ դաստիարակչական երեկոյ մըն էր: Վարձքը կատար բոլորին: