ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Դեկտեմբեր 23ին նշուած է ՀՅԴ 120ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԼՂՀ իշխանութիւնները՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:
Իր ելոյթին ընթացքին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան նշած է, թէ Դաշնակցութիւնը սկզբունքային կուսակցութիւն է եւ միշտ համարձակօրէն կը յայտնէ իր կարծիքը՝ ըլլալով դիմադիր, ընդդիմադիր, կամ միախառնուած կառավարութեան մէկ ուժը։ Խօսելով երկու հայկական հանրապետութիւններու զարգացման գործին մէջ Դաշնակցութեան դերին մասին՝ սրբազան առաջնորդը շեշտած է, որ ՀՅԴն տարբեր է իր ազգային նկարագիրով, եւ հայրենիքի մէջ ու անկէ դուրս ակնառու է իր հայապահպանման գործով:
Խօսելով հայկական իրականութեան ջրբաժանի մասին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնած է. «Մի կողմում նրանք են, որոնց համար Արցախի կեանքը հարց ու գերխնդիր է, միւս կողմում՝ նրանք, որոնց համար Արցախի հարցը կարեւոր չէ եւ ոչ էլ գերխնդիր: Իբրեւ կազմակերպուած ուժ՝ Արցախի հարցը մեզ համար գերխնդիր է, մեզ հետ են նաեւ մեր ժողովրդի առողջ ազգային տարրերը, մտաւորականութիւնը, պարզ հայ գիւղացին, աշխատաւորը ու ազգային արժանապատուութիւն ունեցող հայորդիները: Այս չարձանագրուած, չյայտարարուած համագործակցութիւնը՝ Արցախեան գործօնի ու Դաշնակցութեան, պէտք է լինի այն առանցքը, որի շուրջ կը կայանայ ազգային միասնականութիւնը»։
Հրանդ Մարգարեան նաեւ նշած է, թէ այն ամէնը, որ ապահովուած է արեամբ ու պատերազմով, տանուլ պիտի չտրուի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ. «Միասնականութիւն, որ մեզ համար, Հայաստանի հանրապետութեան համար, կ՛ապահովի վերջնական յաղթանակ, որ այլեւս իբրեւ ժողովուրդ դադարենք լացող, կոտրուած ազգ լինել, դադարենք յոխորտացող ու երազող մարդկանց հաւաքականութիւն լինել: Դառնանք իրապէս յաղթող, ապրող, զարգացող ազգ», շարունակած է ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր խօսքը աւարտած է՝ նշելով Արցախի համար կարեւոր քանի մը առաջնահերթութիւն. Ըստ Մարգարեանի, կենսունակ, զարգացող, հզօր եւ գրաւիչ երկիր ըլլալու համար, անհրաժեշտ է Արցախի մէջ ապահովել հասարակական արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն:
«Արցախի անվտանգութեան, յաջողութեան համար երաշխաւոր պէտք է շարունակի լինել Հայաստանի հանրապետութիւնը: Արցախը պէտք է շահագրգռուած լինի, որ Հայաստանը դառնայ արդար, ազատ երկիր: Քաղաքականապէս կայուն Հայաստանի հանրապետութեան երաշխիքը ներազգային կեանքում արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատումն է: Այսօր արցախցիների տունդարձի ժամանակն է: Արցախցիները ոչ մի տեղ չեն կարող այնքան օգտակար լինել Արցախին, որքան՝ հէնց Արցախում», ըսած է Հրանդ Մարգարեան եւ ընդգծած, թէ այսօր Արցախէն է որ կը բխի մեր ուժի ու գոյութեան աղբիւրը:
ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, իր կարգին, խօսելով Դաշնակցութեան անցած դժուարին ուղիին մասին՝ շեշտած է. «Դաշնակցութիւնը եղաւ Արցախի պետութեան ստեղծման ակունքներում, եղաւ կիզակէտում եւ մեծ զոհողութիւնների գնով հաստատեց պետականութիւն, ու այսօր էլ չենք խուսափում պատասխանատուութիւնից»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.