Կաղանդի ցանկութիւններու ցուցակ չէ, որ կը ներկայացնենք, այլ՝ ազգային ընդհանրական ծրագիրներու արձանագրութիւնը, ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար մենք ալ, մեր համայնքով, մեր կառոյցներով, միութիւններով ու կազմակերպութիւններով, պիտի աշխատինք, պայքարինք, քրտնինք ու տագնապինք:
Ահա այդ տասը ծրագիրները՝ մեր դիտանկիւնէն նայուած առաջնահերթութեան կարգով.
1.- Ուժեղացնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը:
2.- Կենսագործել Ղարաբաղի հարցի արդար լուծումը՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումով, կամ անոր միացումով՝ Հայաստանին:
3.- Ժողովրդավար ու արդար հասարակարգ կառուցել Հայաստանի հանրապետութեան մէջ՝ ապահովելով իւրաքանչիւր քաղաքացիի ազատութիւնն ու արժանապատիւ կեանքը:
4.- Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովել: Պիտի աշխատինք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ նոյնինքն ցեղասպան կառավարութեան ժառանգորդ Անգարայի իշխանութիւնները, ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան պէտք է հատուցէ իր ոճիրին համար եւ մեր ժողովուրդը պիտի տիրանայ վերադարձի իր իրաւունքին:
5.- Մեր ազգի ու հայրենիքի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն միասնական բռունցքով դիմակայելու գիտակցութիւնը դարձնել մեզ ղեկավարող գաղափար:
6.- Ջաւախքի հայութեան ազգային ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ մեր ուշադրութեան կեդրոնը:
7.- Սփիւռքի ազգային կառոյցներու առաւել ուժեղացումով Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն ամուր յենարաններ ստեղծել:
8.- Հայապահպանման ու հայակերտման առաքելութեան լծուած միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները հզօր հիմերու վրայ դնել, ու անոնց անխափան գործունէութիւնը ապահովել:
9.- Հայ մշակոյթը միջազգային հանրութեան ծանօթացնել:
10.- Մէկ, միասնական, ամբողջական Հայաստանի երազը վառ պահել մեր նոր սերունդին մէջ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի: Նոր Տասնամեակը բարին թող բերէ մեր ժողովուրդին: