
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, օգտուելով օրէնքի այն յօդուածէն, որ Սպիտակ Տան ղեկավարին իրաւունք կու տայ Քոնկրեսի արձակուրդի ժամանակ առկախ մնացած նշանակումներ կատարել, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի իր թեկնածուներու պաշտօնը հաստատած է:
Այս կարգով, Օպամա Մաթիու Պրայզային նշանակած է Ատրպէյճանի մօտ դեսպան, իսկ Ֆրանսիս Ռիքիարտօնին՝ Թուրքիոյ մօտ դեսպան: Օպամա նոյն իրաւունքէն օգտուելով հաստատած է նաեւ Սուրիոյ եւ Չեխիոյ մօտ ամերիկեան դեսպաններու նշանակումը:
Այս կարգով նշանակուած դեսպանները իրենց պաշտօնին վրայ կը մնան մինչեւ մէկ տարի, որմէ ետք նախագահը պէտք է անոնց անունը դարձեալ ներկայացնէ Քոնկրեսին:
Ծերակուտականնելր Պարպարա Պաքսըրի եւ ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ խափանուած Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը նախագահ Օպամայի հանդէպ ամերիկահայութեան յուսախափութիւնը աւելի եւս պիտի խորանայ: