
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի ՀՄ «Սիփան» միութեան Արուեստից բաժանմունքի «Նոր Դար» ասմունքի խումբին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24ի երեկոյեան ՀՄ «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ Տիգրան Մեծ թագաւորի 2150ամեակի եւ «Նոր Դար» ասմունքի խումբի 10ամեակի առթիւ, որ նուիրուած էր Տիգրան Մեծէն մինչեւ Արցախի ազատամարտիկներու սխրագործութիւններուն:
Արինէ Ասլանեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը, որուն մէջ նշուած էր, որ Տիգրան Մեծի պէս հայոց պատմութեան ականաւոր դէմքերու յոբելեանները պէտք է նշել համազգային մակարդակով՝ անընդհատ վառ պահելու անոնց պատգամներն ու ոգին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հայաստան պատրաստուած «Տիգրան Մեծ՝ հայրենապաշտ տիրակալ» ժապաւէնը, որուն մէջ հայ պատմաբաններ բացատրութիւններ կու տան Տիգրան Մեծի եւ անոր գահակալութեան ժամանակաշրջանի նշանակալի իրադարձութիւններուն մասին:
Ապա, «Նոր Դար» ասմունքի խումբի անդամները Անժէլ Մինասեանի ղեկավարութեամբ, երաժշտութեան համադրութեամբ, ներկայացուցին բեմականացուած ասմունք՝ բաղկացած Վարանդի «Տիգրան Մեծ» դիւցազներգութենէն եւ Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Շիրազի, Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ Սամուէլ Խաչիկեանի հայրենասիրական թեմաներով բանաստեղծութիւններէն: