ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Մարմարա».- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի Սանուց յանձնախումբը Կիրակի, Դեկտեմբեր 12ին, առաջին անգամ ըլլալով Պոլսահայ միութեան սեփական նորակառոյց շէնքի «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» գեղեցիկ սրահին մէջ տօնեց։ Երեկոյեան ժամը 6ին սրահը լեցուն էր Կեդրոնականցիներով եւ համակիրներով։ Օրուան հանդիսավարն էր կեդրոնականցի Յակոբ Ծերունեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա «բարի ախորժակ» ըսելով՝ ընթրիքին բացումը կատարեց։
Ժամը 7ին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Կեդրոնական սանուց յանձնախումբի ժրաջան ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն՝ շնորհակալութիւններ յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս օգտակար կը հանդիսանան Կեդրոնական սանուց յանձնախումբին, եւ ապա Կեդրոնականի բազմամեայ ու ժրաջան տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի ուղղարկած տեղեկութիւնները փոխանցեց։ Տնօրէնուհին, որ լրացուցած է իր ծառայութեան երեսուն տարիները, Կեդրոնականի 124ամեայ պատմութեան մէջ մրցանիշ մը կերտած է։
Ճաշի սպասարկութենէ ետք, հանդիսավարը շարունակեց յայտագիրը ըսելով. «Կեդրոնական ազգային վարժարանը Պոլսոյ հայ համայնքին, որուն մաս կը կազմենք բոլորս, մեզի աւանդ ձգուեցաւ հարիւրաւոր նուիրեալ ու ծառայասէր հայորդիներու կողմէ։ Պատմական իր 124 տարիներու ընթացքին, նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայող հարիւրաւոր անձերու խնկելի յիշատակին համար, սկսելով հիմնադիր, երջանկայիշատակ մեծանուն կրթասէր պատրիարք Ներսէս արք. Վարժապետեանէն, հասնելով բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներուն, աշակերտ եւ աշակերտուհիներուն, Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ ծառայող յանձնախումբերուն եւ միութիւններուն, ու բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուեցան, մենք՝ իբրեւ երախտապարտ սաները ու համակիրները, կը խնդրեմ, որ վայրկեան մը յոտնկայս մեր յարգանքի պարտքը կատարենք ըսելով՝ «Չենք մոռցած ձեզ»»։
Վայրկեան մը լռութենէ ետք, հանդիսավարը բաժակի պահի համար հրաւիրեց ներկաներէն երիցագոյն կեդրոնականցին՝ 1944ի շրջանաւարտ Արամ Տուհանճեանն ու 1946ի շրջանաւարտ Սուրէն Կիւզէլմօրա, ինչպէս նաեւ կրտսերագոյն կեդրոնականցին՝ 1992ի շրջանաւարտ Մասիս Աբիկը։ Ներկաները գինիով լի բաժակները ի ձեռին՝ կրկնեցին հանդիսավարին «Ապրի՛ Կեդրոնականը ու ապրի՛ կեդրոնականցին» աւանդական մաղթանքը։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, հանդիսավարը, նկատի ունենալով համակիրներու բազմանդամ ներկայութիւնը՝ յատուկ բաժակ մըն ալ անոնց համար բարձրացուց՝ ըսելով. «Ապրի՛ն Կեդրոնականի համակիրներն ու սատարողները»։
Այս հանդիսութենէն բացի, Կեդրոնականի սաները՝ գլխաւորութեամբ Յովսէփ Թոքատի եւ Ստեփան Կէօզիւմեանի, իրենց անհատական ջանքերով, հինգ տարիէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ դրամահաւաք կը կատարեն: