
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին հաղորդեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պատասխանած է մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ Թոմաշ Փորեպայի դէմ Պաքուի կողմէ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչին յանձնուած բողոքագիրին:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ Եւրոմիութիւնը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի Եւրոպական Խորհրդարանի գործունէութեան վրայ, որովհետեւ Եւրոխորհրդարանը անկախ մարմին մըն է: Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Եւրոմիութիւնը կը յարգէ երկիրներու հողային ամբողջականութեան իրաւունքը եւ կը հաւատայ, թէ այցելութիւնները պէտք է կատարուին տուեալ պետութեան հետ համագործակցութեամբ:
Ատրպէյճան կը պնդէ, թէ Փորեպա, նախքան Արցախ այցելելը, պէտք է արտօնութիւն ստացած ըլլար Պաքուէն: