Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խոյ (Մարտ 21-Ապրիլ 19)
Աստղերու դասաւորման մէջ Խոյը կը գրաւէ Առաջին տունը: Հին եգիպտացիներու մօտ Խոյը առաջնորդի, քաջութեան եւ իշխողի խորհրդանիշ եղած է:
Խոյը իբրեւ վահան կը ներկայացուի: Ան ընկերասէր ըլլալով հանդերձ նաեւ անձնասէր մըն է: Նախընտրած գոյնն է կարմիրը, իսկ պտուղը՝ միշտ լեռնայինը եւ ուտելիքներու մէջ՝ կանաչեղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 1 եւ 9, իսկ բախտաւոր օր՝ Երեքշաբթի:
Աշխատասիրութեան կողքին իմաստասէր ալ է: Իրեն համար 2011 թուականը պիտի ըլլայ ծրագրումներու համար յաջողութեան լաւ տարի մը՝ լի բազմատեսակ աշխատանքներով:
Ցուլ (Ապրիլ 20-Մայիս 20)
Աստղերու դասաւորման մէջ Ցուլը կր գարաւէ 2րդ տունը: Իր նկարագրի գլխաւոր յատկանիշներէն է քաջութիւնն ու անվախութիւնը, պատրաստակամութիւնը, գերիշխողն ու վստահելին, պատասխանատուն ու ինքնավստահութիւնը: Նախընտրած գոյնն է մանիշակագոյնը, իսկ պտուղը՝ խնձորը եւ ուտելիքներու մէջ՝ ցորենը:
Բախտաւոր թիւեր են 4 եւ 6, իսկ բախտաւոր օր՝ Ուրբաթ:
Այս տարուան ամբողջ տեւողութեան արմատական որոշումներ յաճախ պիտի խանգարեն անոր հեզասահ կեանքին ընթացքը: Կը թելադրուի ըլլալ շրջահայեայց: Տարուան վերջաւորութեան յաջողութիւնը պիտի գինովցնէ զինք:
Երկուորեակ (Մայիս 21-Յունիս21)
Աստղերու դասաւորման մէջ Երկուորեակը կր գրաւէ 3րդ տունը: Իր նկարագրի գլխաւոր յատկանիշներէն է մարդասիրութիւնն ու հաղորդակից ըլլալը: Խելացի է, իմաստուն եւ հետաքրքիր: Նախընտրած գոյնն է դեղին, իսկ պտուղը՝ լեմոն եւ ուտելիքներու մէջ՝ հաւկիթը:
Բախտաւոր թիւեր են 5 եւ 9, իսկ բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի:
Տրամաբանող, սրամիտ եւ կամաւոր գործելու իր պատրաստակամութիւնը զինք միշտ դէպի յաջողութիւն պիտի առաջնորդէ տարուան բոլոր ամիսներուն: Երբեմն կարճ ճամբորդութիւններ պիտի ծրագրուին:
Խեցգետին (Յունիս 22-Յուլիս 22)
Աստղերու դասաւորման մէջ Խեցգետինը կը գրաւէ 4րդ տունը: Այս աստղին տակ ծնածները կ՛ըլլան նաեւ զգայուն, մարդասէր, բարերար, սնուցանող եւ գթասիրտ: Նախընտրած գոյնն է մոխրագոյն, իսկ պտուղը՝ սեխ եւ ուտելիքներու մէջ՝ կաթնեղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 3 եւ 7, իսկ բախտաւոր օր՝ Երկուշաբթի:
2011 տարուան երկրորդ կիսուն արդէն ծրագիրներուն մեծ մասը յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Զգուշութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը թելադրուի:
Առիւծ (Յուլիս 22-Օգոստոս 22)
Աստղերու դասաւորման մէջ Առիւծը կը գրաւէ 5րդ տունը: Անոնց նկարագիրի գլխաւոր յատկանիշներ՝ կ՛ըլլան առատաձեռն, ստեղծագործ, սիրող, խանդավառ, վեհանձն եւ տիրապետող: Նախընտրած գոյնն է նարնջագոյնը, իսկ պտուղը՝ խաղողը եւ ուտելիքներու մէջ՝ արմաւը:
Բախտաւոր թիւեր են 8 եւ 9, իսկ բախտաւոր օր՝ Կիրակի:
Իբրեւ ղեկավար, գերիշխող 2011 տարին պիտի ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը: Առիւծը իմաստասէր է եւ միեւնոյն ատեն գաղափարապաշտ: Կը թելադրուի ըլլալ նաեւ տնտեսող:
Կոյս (Օգոստոս 23-Սեպտեմբեր 22)
Աստղերու դասաւորման մէջ Կոյսը կը գրաւէ 6րդ տունը: Այս աստղին տակ ծնածները կ՛ըլլան խղճամիտ, կազմակերպող, ամօթխած, մաքրասէր, ուժական եւ ճշմարտախօս: Նախընտրած գոյնն է մոխրագոյնը, իսկ պտուղը՝ նարինջը եւ ուտելիքներու մէջ՝ կանաչեղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 3 եւ 5, իսկ բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի:
Աշխատանքին շնորհիւ բաւական նիւթականի տէր պիտի դառնան տարուան վերջը: Կը թելադրուի հոգ տանիլ առողջութեան՝ զանազան մարզանքներու ճամբով:
Կշիռք (Սեպտեմբեր 23-Հոկտեմբեր 23)
Աստղերու դասաւորման մէջ Կշիռքը կը գրաւէ 7րդ տունը: Իբրեւ նակարագիր ունի ընկերասիրութիւնն ու իրապաշտ կեանք: Ան գաղափարապաշտ ալ է ինչպէս նաեւ՝ արուսետագէտ: Նախընտրած գոյնն է կապոյտը, իսկ պտուղը՝ խնձորը եւ ուտելիքներու մէջ՝ լուբիան:
Բախտաւոր թիւեր են 6 եւ 9, իսկ բախտաւոր օր՝ Ուրբաթ:
Կշիռքի զգացական գիծերուն կողքին, բացայայտ ըլլալով իր դիւանագիտութիւնը, 2011ին անպայմանօրէն պիտի իրականանան իր բոլոր ծրագիրները, միաժամանակ իրեն ապահովելով որոշ նիւթական:
Կարիճ (Հեկտեմբեր 24-Նոյեմբեր 21)
Աստղերու դասաւորման մէջ Կարիճը կը գրաւէ 8րդ տունը: Անիկա կ՛ըլլայ գաղտնապահ, եւ միեւնոյն ատեն վտանգաւոր: Ու տակաւին կ՛աւելնան զգուշաւոր եւ անգութ ըլլալը: Նախընտրած գոյնն է մութ կարմիր, իսկ պտուղը՝ թթուն եւ ուտելիքներու մէջ՝ շողգամը:
Բախտաւոր թիւեր են 2 եւ 4, իսկ բախտաւոր օր՝ Երեքշաբթի:
Յետախոյզ մը ըլլալով հանդերձ, դէպի աւելիին տենչացող եւ հասնող անձ մըն է Կարիճը: Ամուսնական կեանքէն ներս խաղաղութիւնը պահպանողն է: Ասոր իբրեւ արդիւնք 2011 տարուան ընթացքին նոր բարեկամութիւններ պիտի հաստատէ եւ նոր յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգէ:
Աղեղնաւոր (Նոյեմբեր 22-Դեկտեմբեր 21)
Աստղերու դասաւորման մէջ Աղեղնաւորը կը գրաւէ 9րդ տունը: Ան իր շրջապատէն կը զանազանուի իր ինքնավստահութեամբ եւ բարձր ուսման տենչանքով: Ասոր իբրեւ արդիւնք միշտ բախտաւոր կ՛ըլլայ: Նախընտրած գոյնն է մանիշակագոյնը, իսկ պտուղը՝ ջրոտը եւ ուտելիքներու մէջ՝ բանջարեղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 5 եւ 7, իսկ բախտաւոր օր՝ Հինգշաբթի:
2011 տարուան ընթացքին իր ցուցաբերած անկեղծութիւնը զինք պիտի դարձնէ յաջողակ եւ նոյնիսկ ինքնաբաւ: Ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ վայելքէ ու հաճոյքէ մեկնած:
Այծեղջիւր (Դեկտեմբեր 22-Յունուար 19)
Աստղերու դասաւորման մէջ Այծեղջիւրը կը գրաւէ 10րդ տունը: Ան կ՛ըլլայ ներշնչող, ձգտող եւ պատասխանատու: Ինքնավստահութեան կողքին աւանդապահ ալ է ու գործնական: Նախընտրած գոյնն է սրճագոյնը, իսկ պտուղը՝ տանձ եւ ուտելիքներու մէջ՝ մսեղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 2 եւ 8, իսկ բախտաւոր օր՝ Շաբաթ:
2011ին նիւթական մեծ յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգէ շնորհիւ իր գործնական կեցուածքին եւ յարատեւ աշխատանքին:
Ծովանոյշ (Յունուար 20-Փետրուար 19)
Աստղերու դասաւորման մէջ Ծովանոյշը կը գրաւէ 11րդ տունը: Ան իմաստուն է եւ մարդկային: Իր շուրջինները զինք կը նկատեն գթասիրտ ու իր ներկայութիւնը միշտ կը փնտռեն իբրեւ հաճելի երեւոյթ: Նախընտրած գոյնն է երկնքի կապոյտը, իսկ պտուղը՝ տանձը եւ ուտելիքներու մէջ՝ բանջարղէնը:
Բախտաւոր թիւեր են 1 եւ 3, իսկ բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի:
2011ին իր ունեցած համբեհութիւնն ու իմաստուն շարժումները մեծապէս պիտի նպաստաւորեն իր նիւթականը եւ զինք պիտի պահեն բարգաւաճ ու երջանիկ:
Ձուկ (Փետրուար 20-Մարտ 20)
Աստղերու դասաւորման մէջ Ձուկը կը գրաւէ 12րդ տունը: Ան կ՛ըլլայ երազկոտ, առանձնութիւնը սիրող, ազնիւ, յարգալիր, զգայուն եւ զգուշաւոր: Նախընտրած գոյնն է բաց կանաչ, իսկ պտուղը՝ սեխ եւ ուտելիքներու մէջ՝ ջրոտը:
Բախտաւոր թիւեր են 2 եւ 6, իսկ բախտաւոր օր՝ Ուրբաթ:
2011ը պիտի ըլլայ իր բոլոր երազներուն իրականացման տարի մը շնորհիւ իր զգուշաւոր եւ յարգալիր նկարագրին ու իմաստալից ու շինիչ երեւակայութեան: