ԱԼՊԵՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Ասպարէզին», որ կու գայ ճոխացնելու, շաբաթը հինգ օր մեր տունը, մեզ տեղեակ պահելով Հայաստանէն մինչեւ Քալիֆորնիա, լեցուն գաղութը յուզող հարցերով:
Այս բոլորը ժամացոյցի մը կանոնաւորութեամբ, «Ասպարէզ»ի լրիւ անձնակազմը կու տայ իր լաւագոյնը, գոհ պահելու մեր գոյնզգոյն հայ գաղութը, առանց որեւիցէ վերապահութեան, յարանուանութեան պատկանելիութեան կամ գաղափարական այլազանութեան:
Խմբագիրը եւ ամբողջ անձնակազմը արժանի են մեր գնահատանքին եւ յարգանքին, իրենց տարած այս ազգօգուտ աշխատանքին համար:
«Հորիզոն»ին, որ անընդհատ, օրը 24 ժամ կը լեցնէ հեռատեսիլի պաստառը հայկական ճոխ յայտագիրներով ու յատկապէս լուրերու եւ տեսակցութիւններու շատ հետաքրքրական բաժինով: Ամէն մէկ հայու եւ մեր գնահատականն ու մաղթանքն է՝ յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
Հայ Դատի գլխաւոր մարմնին, եւ շրջանային յանձնախումբերուն, որոնք ժրաջանօրէն կ՛աշխատին օր ու գիշեր միշտ վառած պահելու մեր դատի կանթեղը, նախ մեր սրտերուն մէջ, ապա մամուլին, եւ շատ կարեւոր ամերիկեան եւ միջազգային մամուլի էջերուն մէջ: Անոնք շատ դժուարին աշխատանք կը տանին տեղական եւ ազգային պատկան իշխանութեանց մօտ ու այս բոլոր ճակատներու վրայ տարած պայքարին կողքին, անոնք օր ու գիշեր կ՛աշխատին հաւաքելու պէտք եղած լումաները այս սրբազան գործը յառաջ տանելու: Ոյժ եւ կորով բոլորին եւ վարձքերնին կատար:
ՀՄԸՄին, որ իր թեւերը լայնատարած բացած է աշխարհի չորս կողմերը, առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք ունենալու աշխատանքով. ան կը ջանայ մեր ապագայ սերունդը եւ ինչու չէ ապագայի մեր ղեկավարները պատրաստել: Յատկապէս շնորհաւորելի են տարուան ընթացքին տեղի ունեցող բոլոր մրցումները, որոնց գլխաւորն է Յուլիս ամսուայ միջմասնաճիւղային «ողիմպիականները», զորս կը կոչենք «Նաւասարդեան» խաղեր: Աւելի ոյժ, շունչ, հզօրութիւն աշխարհով մէկ տարածուած ՀՄԸՄի ընտանիքին:
ՀԵԴին, որ միշտ պատրաստ է վայրկեանական արագութեամբ, կազմակերպել բողոքի կամ աջակցութեան ցոյցեր, մեր թշնամիին դէմ, կամ մեր բարեկամին համար: Իր երիտասարդ եւ կորովի շարքերով:
Մեր երիտասարդութիւնը մեր այսօրուան եւ վաղուան յոյսն է, ջահը վառ պահելու, հարիւր տարի եւս՝ մեր այսօրուան 120ամեակին սեմին: Դէպի յառաջ տղաք:
ՀՕՄին, որ այս տարի փառապանծօրէն տօնեց իր հարիւրամեակը, աշխարհով ցրուած իր հազարաւոր հօմուհիներով: ՀՕՄի տարած ծանր աշխատանքը, որքան գնահատելի ազգայնօրէն եւ միջազգայնօրէն, ուր որ օգնութեան կանչ կայ, ՀՕՄը միշտ ներկայ եղած է, իր բոլոր զօրքով եւ ուժով, օգնելու եւ դիւրացնելու ցաւն ու վիշտը անճարին եւ տառապեալին, Լիբանանի պատերազմէն մինչեւ Haiti աղէտեալներուն եւ հայրենիքի որբերուն եւ երկրաշարժի ու պատերազմի զոհերուն: Պատիւ հայ իգական սեռի այս մեծ ընտանիքին եւ յաջողութիւն իրենց երկրորդ դարին:
Մեր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցականներուն, որոնք միշտ պատրաստ են սփոփելու մեր հոգիները, մեր դժուարին պահերուն, հիւանդութեան, արկածի, մահուան կամ ընտանեկան հարցերու դժուարութեան պահերուն մեզի օգնութեան հասնող տէր հայրը, վարդապետը, պատուելին կամ քոյր մայրապետը բոլորն ալ կը փորձեն իրենց լաւագոյնը, մեր հոգեկան կեանքը ներդաշնակ պահելու: Ըստ մեր եկեղեցական աւանդութեանց եւ սովորութեանց Աստուած տայ իրենց վարձատրութիւնը եւ կոչումի յարատեւութիւնը:
Մեր բժիշկներուն, որոնց խնամքին կը կարօտինք յատկապէս մեր կեանքի բոլոր օրերուն՝ ծննդեան վայրկեանէն, մինչեւ մահուան օրը: Առանց իրենց խնամքին եւ ուղղութեան, մենք կրնանք դառնալ մէկական ռումբ, միշտ պայթելու պատրաստ: Շնորհիւ իրենց խնամքին եւ հոգատարութեան, բաւականին առողջ ազգ ենք:
Վերջապէս՝ ՀՅԴին, որու անարժան մէկ անդամն եմ 37է աւելի տարիներ, ուր հաւատաւոր կուսակցական ընկերներ եկան ուռճացնելու շարքերը եւ որու միակ ձգտումը եղած է հայը հայ պահել, հակառակ բոլոր խոչընդոտներու եւ դժուարութեանց, դիմահարելով մեր ազգային կեանքի բոլոր խոժոռ եւ դժուարին պահերը, պայքարելով ու միշտ պատնէշի վրայ մնալով, հակառակ ամէն հալածանքի եւ տանջանքի ի գին իր արեան եւ կեանքին զոհողութեան, պաշտպանելու մեր հայրենիքը, մեր պապական հողերն ու պիտի չհանգչի մինչեւ որ տեսնէ մեր ազատ, անկախ միացեալ հայրենիքը: Այո, ՀՅԴի կողքին, շնորհակալութեան խօսք ալ մեր սփիւռքի կուսակցութեանց, որոնք պէտք եղած ատեն կը տանին միացեալ աշխատանք՝ ի սպաս մեր դատին:
Անշուշտ այս շնորհակալութեանց շարքը կրնայ շատ աւելի երկար ըլլալ, պիտի ուզեմ այսքանով գոհանալ եւ շնորհակալութիւն յայտնել «Ասպարէզ»ին, որ մեզի՝ ընթերցողներուս տուաւ այս առիթը արտայայտուելու: