ԹԵՀՐԱՆ.- Վկայակոչելով իրանական «Ալ-Ալ» պետական պատկերասփիւռի կայանը՝ «AFP» գործակալութիւնը յայտնած է, թէ Իրանի իշխանութիւնները չեն ձերբակալած ամերիկահայ լրտեսուհին. «Այդ ամերկուհին չէ կրցած Իրան մուտք գործել։ Ան մօտեցած է սահմանապահներուն, բայց քանի որ մուտքի արտօնագիր չէ ունեցած, չէ կրցած անցնիլ: Անոր անմիջապէս ետ ուղարկած են Հայաստան», նշած է «Ալ-Ալ»՝ մէջբերելով անվտանգութեան տեղական ծառայութեան աշխատակիցին խօսքերը:
Նշենք, որ աւելի շուտ, «Ֆարս» գործակալութիւնը յայտնած էր Իրանի մէջ ԱՄՆ քաղաքացուհի Խալ Թալայեանի ձերբակալութեան մասին: Նշուած էր, թէ խուզարկութեան ընթացքին, անոր մօտ յայտնաբերուած են «լրտեսական սարքեր», իսկ անոր բերանին մէջ գտնուած է ձայնագրող սարք մը: Ըստ «Իթառ-Թասս»ի, լրտեսուհին մերժած էր վերադառնալ Հայաստան, պնդելով, որ այնտեղ իրեն մահացու վտանգ կը սպառնայ:
Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հերքած է այն լուրը, որ ԱՄՆ քաղաքացի Խալ Թալայեան Հայաստան մուտք գործած է: Ըստ ԱԱԾ մամլոյ քարտուղար Արծուին Բաղրամեանի, «Այդ քաղաքացին ո՛չ մուտք է գործել Հայաստան, ո՛չ էլ հետեւաբար դուրս եկել երկրի տարածքից»:
Նշենք, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը, դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու նպատակով նախապէս կապուած էր նաեւ հայաստանեան իշխանութիւններուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.