ԻՋԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Տաւուշի ռազմական ոստիկանութեան մէջ նիւթեր կը քննարկուին անցած Դեկտեմբեր 31ին, Իջեւանի զինուորական զօրամասին մէջ տեղի ունեցած դէպքին առթիւ:
Ըստ լրագրող-լուսանկարիչ Գագիկ Շամշեանի, նշեալ օրը Իջեւանի զօրամասէն ծանր վիճակի մէջ Իջեւանի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են Գետահովիտ գիւղի 2 բնակիչներ՝ 20ամեայ Տարօն Ենգիբարեան եւ 21ամեայ Աշոտ Ուլիխանեան, որոնք զօրամաս մեկնած էին այցելելու համար իրենց բարեկամներէն մէկը։
Տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն, անոնք վիրաւորուած են զօրամասի գունդի հրամանատար, գնդապետ Սերգէյ Կարապետեանի կողմէ, վերջինիս աշխատասենեակին մէջ:
Հրամանատարը երբ տեսած է երկու երիտասարդները անցագրային կէտին մօտ, սկսած է հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ ուղղելու անոնց՝ հրամայելով լքել զօրամասի անցակէտին տարածքը: Երբ երիտասարդներէն մէկը պատասխանած է հայհոյանքին, Կարապետեան քանի մը սպաներու յանձնարարած է երիտասարդները տանիլ իր աշխատասենեակը, ուր ան դաժան կերպով ծեծած է զանոնք: Գետահովիտի բնակիչները յայտնած են, որ գնդապետը նոյնիսկ գրաւած է անոնց ինքնաշարժը:
Ըստ Իջեւանի մէջ տարածուած լուրերուն, հրամանատար Սերգէյ Կարապետեան Յունուար 1էն ի վեր կը գտնուի ռազմական ոստիկանութեան մօտ: Դէպքին վերաբերեալ նախապատրաստուած նիւթերը կ՛ուղարկուին զինուորական դատախազութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.