ԹԵՀՐԱՆ.- Երկուշաբթի, 10 Յունուարի երեկոյեան, ԹՀ Թեմական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Այտա Յովհաննիսեան եւ խորհուրդի անդամները այցելեցին «Սիփան» միութեան նորակառոյց սրահները եւ այլ բաժինները:
Միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրվանեանի եւ վարչութեան անդամներու ուղեկցութեամբ, Թեմական խորհուրդի կազմը մօտէն ականատեսը եղաւ սրահներու եւ նորակառոյց բաժիններու յարդարման ու շինարարական աշխատանքներուն:
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին միութեան վարչութեան նախագահը իր գնահատանքի խօսքը յայտնեց Թեմական խորհուրդին եւ ազգային իշխանութեան՝ անվերապահ աջակցութիւններուն համար:
Հանդիպման ընթացքին գնահատանքով խօսուեցաւ Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանի ջանքերուն մասին:
Թեմական խորհուրդի ատենապետը իր արտայայտութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ տարուած աշխատանքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայի ծրագիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.