Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka), այս ամսուան ընթացքին մշակութային երեք ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին: Երեք ձեռնարկներուն պարագային ալ մուտքը ազատ է:
Չորեքշաբթի, Յունուար 19ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի նուիրուած շարժապատկերի մը ներկայացումը, որմէ ետք իրաւաբան Սեդրակ Տավութեան պիտի խօսի Պոլսոյ հայութան եւ անոնց կալուածներուն առնչուող հարցերուն մասին:
Ուրբաթ, Յունուար 21ին, երեկոյեան ժամը 8ին, կեդրոնի «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ու փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի խմբագրած «Հայկական Պոլիսը» հատորին ներկայացումը, անգլերէնով (իրաւաբան Էտվին Մինասեան) եւ հայերէնով (փրոֆ. Օշին Քէշիշեան):
Նաեւ, Ուրբաթ, Յունուար 28ին, համագործակցութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին ու Հայագիտական ուսմանց ազգային միութեան, կեդրոնի «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիօղլու» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայերը Թուրքիոյ մէջ՝ 100 տարի առաջ» բացիկներու ցուցադրութիւնը, զոր ի մի բերած է Օսման Քէօքէր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.