
ՀԲԸՄի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ կազմակերպութեան նոր փոխնախագահ ընտրուած է լոս-անճելըսաբնակ Սինան Սինանեանը, որ ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ մարմիններուն մէջ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է:
Սինանեան համասեփականատէրն է «Սինանեան Տիվելոփմընթս» շինարարական ընկերութեան: Ան ծնած է Զահլէ, Լիբանան, իսկ 1983էն ի վեր, բնակչութիւն հաստատած է Քալիֆորնիա: Սինանեան արժանացած է նաեւ ամերիկեան «Էլիս Այլընտ» շքանշանին: