
Յունուար 5ին, 2011, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի օրը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, առաջնորդական փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան եւ Յովնան սրկ. Վարդանեան, Glendale Adventist հիւանդանոցին մէջ կատարեցին Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան հայրը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը, ապա իւրաքանչիւր պաշտօնեայի պատշաճ նուէր բաժնեց: Իր հերթին, հիւանդանոցի նախագահը, յանուն հիւանդանոցի տնօրէնութեան՝ սրբազան հօր յանձնեց գնահատական յուշանուէր մը:
Այնուհետեւ, առաջնորդը եւ ուղեկից հոգեւորականները այցելութիւններ տուին հիւանդներուն: Սրբազան հայրը աղօթեց եւ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան մաղթանքներ փոխանցեց: