
Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Հինգշաբթի, Յունուար 6ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ ապա մատուցուեցաւ սուրբ Ծննդեան պատարագ: Արարողութեան ներկայ էին թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Ռապըրթ Է. Պարսամ, Յովսէփ Կանիմեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութեանց հոգեւորականներէն հայր Ալեքսի Սմիթ՝ ներկայացուցիչը Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Լերի Զարեան, ՀՅԴ ներկայացուցիչներ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Ժան Գոսագեան, ՌԱԿ ներկայացուցիչ տոթք. Ռաֆֆի Պալեան, ՍԴՀԿ ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Մոլոյեան եւ պատուարժան այլ հիւրեր:
Սրբազան հայրը կարդաց Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին յղած պատգամը, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց Հայց. եկեղեցւոյ, Ս. Էջմիածինի, Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց եւ մեր հայրենակիցներու քաջառողջութեան եւ բարգաւաճութեան համար:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ æրօրհնէքի արարողութիւն: Խաչի կնքահայրն էր Մայր տաճարի կնքահայրերէն Օննիկ Կառավարեան:
Յունուար 6ի երեկոյեան, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ աւանդական Տնօրհնէքի արարողութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդը ողջունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի ներկայութիւնը, եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ապա հրաւիրեց հիւպատոսը, որ իր սրտին խօսքը ուղղէ ներկաներուն: Հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին իր համագործակցութեան համար, եւ շեշտեց համերաշխութեան, սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգիի կարեւորութիւնը: Ան նշեց յատկապէս, թէ այս տարի միասնաբար պէտք է տօնախմբել վերանկախացած Հայաստանի հանրապետութեան 20ամեակը:
Սրբազան հօր հրաւէրով, հաւատացեալները ուղղուեցան դէպի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն. սրբազան հայրը բոլորին նուիրեց կրօնաշունչ գիրքեր եւ ա՛յլ նուէրներ: Հիւրասիրութիւնը պատրաստած էին առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը եւ Տիկնանց կեդրոնական վարչութիւնը. իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի, Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ, Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Կլենտէյլի Ս. Պետրոս, Լա Քընիատա եւ Քրեսենթա հովիտներու, Լա Վըրնի եւ Սանթա Քլարիթայի Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան մասնաճիւղերը: