ԹՈՒՍԱՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունուար 12ի յետմիջօրէին, Թուսանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութեանց վեց զոհերուն յիշատակին կազմակերպուած հաւաքի մը առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կոչ ըրաւ ամերիկացիներուն, որ իրենց «բարոյական երեւակայութիւնը ընդարձակեն»՝ յանցաւորներ փնտռելու փոխարէն: Ան պնդեց, թէ այս ահաւոր ոճիրը պէտք է օգտագործել սրելու համար «մեր իրարհասկացողութեան բնազդը, եւ յիշելու, որ մեր յոյսերն ու երազները կապուած են իրարու»:
Օպամա, որ սոյն ձեռնարկէն առաջ այցելած էր յարձակումին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած Ներկայացուցիչներու տան անդամ Կեպրիէլ Կիֆըրտզին, իր ելոյթին ընթացքին յիշեց բոլոր զոհերը, 13 վիրաւորները եւ զինեալը կասեցուցած հերոսները:
«Կը կարծեմ, որ մեզ իրամէ բաժնող ուժերը այնքան զօրաւոր չեն, որքան այն ուժերրը, որոնք մեզ իրարու կը միացնեն», աւելցուց Օպամա:
Յատկանշական է, որ Օպամայի այցելութենէն քիչ ետք, գլուխէն փամփուշտով մը վիրաւորուած քոնկրեսական Կիֆըրտզ, առաջին անգամ ըլլալով բացած է իր աչքերը: Անոր բժիշկները կը յայտնեն, թէ ան մահամերձ չէ այլեւս՝ անցուցած ըլլալով իր կեանքին սպառնացող ամենավտանգաւոր շրջանը: