ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Ներկայացուցիչներու տունը Չորեքշաբթի, Յունուար 19ին վաւերացուց նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած եւ նախկին Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած առողջապահական մարզի բարեկարգումներու օրէնքը բեկանելու որոշում մը՝ պնդելով, թէ այդ օրէնքը «աշխատանքի կարելիութիւններ սպաննող» է եւ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի ընկերվարութիւն:
Քոնկրեսականները շատ լաւ գիտէին, որ 189ի դէմ 245 քուէներով վաւերացուած այս որոշումը, որմէ առաջ առնուազն երկու օր քննարկումներ տեղի ունեցան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, յաջողելու ոչ մէկ յոյս ունի, որովհետեւ Ծերակոյտի ղեկավար Հերի Ռիտ խոստացած է զայն քննարկումի նիւթ չդարձնել Ծերակոյտէն ներս. նոյնիսկ եթէ նման որոշում մը Ծերակոյտին կողմէ եւս վաւերացուի, նախագահ Օպամա խոստացած է զայն վեթոյի ենթարկել: Հանրապետականները բաւական հաշուել գիտնալու են, որ եզրակացնեն, թէ նման վեթօ մը շրջանցելու համար քուէներու երկու երրորդը չունին ո՛չ Ներկայացուցիչներու տան եւ ոչ ալ Ծերակոյտին մէջ:
Այս բոլորէն ետք, միայն ժամավաճառութիւն կարելի է որակել Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ղեկավարութեան այս ապարդիւն փորձը, յատկապէս այս օրերուն, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ երկու պատերազմներ, անոնց պատճառով գոյացած հսկայական պարտք մը, տնտեսական նահանջ մը, որ 1930ականներրէն ի վեր ամենավատն է, նաեւ անգործութեան շատ բարձր համեմատութիւն մը եւ կենսական շարք մը այլ հարցեր, որոնք պէտք է իւրաքանչիւր քոնկրեսականի առաջնահերթութիւնը դառնան:
Սակայն, մտահոգիչ է այն իրողութիւնը, որ հանրապետականները այսքանով չեն բաւարարուած ու կը պնդեն, թէ առողջապահական մարզի բարեկարգումները ձախողութեան մատնելու այլ միջոցներու եւս պիտի դիմեն. անոնք Հինգշաբթի օր իսկ, օրէնքի որոշ բաժիններուն վրայ բազմաճակատ յարձակումներ սկսան ծրագրելու:
Երկիրը դէպի լաւ ապագայ առաջնորդելու փոխարէն, անցեալի սահմանափակ իրագործումներէն մէկը հանդիսացող այս օրէնքը ձախողութեան մատնել միտող նման քաղաքական խաղեր միայն որոշ ժամանակաւոր շահեր կրնան ապահովել կարգ մը քոնկրեսականներու եւ անոնց նեցուկ կանգնող հսկայ ընկերութիւններուն, որոնք, ըստ երեւոյթին, որոշած են անտեսել ընդհանուրին երկարատեւ շահերը: