
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը Յունուար 13ին այցելեց Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: Ծուխին հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան տուաւ օրուան հոգեւոր պատգամը: Պատուիրակութեան մաս կազմող Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Արաքսի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ Էլիզապէթ Մարոնեանին՝ անոր ջերմ հիւրասիրութեան համար, եւ զայն հրաւիրեց կեդրոնական խորհուրդի ձեռնարկներուն՝ շեշտելով, որ Յունիս 2ին, Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, ապա ճաշ պիտի հիւրասիրուի «Տաղլեան» սրահին մէջ:
Փակման խօսքը կատարեց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: