«Մեր Ծառայութեան Կեանքին Մէջ Արդարութեամբ, Հեզութեամբ Եւ Ճշմարտութեամբ Ապրինք» Պատգամեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Յունուար 16, 2011ին, եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ ուրարի տուչութիւն Ս. խորանի ծառայող դպիրներէն՝ Գէորգ Թահմիզեանի։
Իր պատգամ քարոզին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց Գէորգը իր անսակարկ եւ աստուածահաճոյ ծառայութեան համար։ Ան շեշտեց, որ ասիկա 2011 տարուան առաջին տուչութիւնն էր։ Նաեւ նկատի առնելով որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս, 2011 տարին հռչակած էր Մանուկներու տարի, ան թելադրեց, որ ծնողներ իրենց զաւակներուն քայլերը եկեղեցի առաջնորդեն:
Սրբազան հայրը Շարակնոցէն մէջբերելով «Վերէն մեզի օգնութեան փութացիր սուրբ Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ, եւ կարապետ եւ մկրտիչ Աստուածորդիին, մեզի համար բարեխօսէ Քրիստոսին» աղօթքը՝ անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անձին ու առաքելութեան։ Ան նշեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչ մարգարէներու մեծը եղաւ իր խստակեաց կեանքով, բայց հոգիի ազնուութեամբ օրինակ դարձաւ ժողովուրդին. ան թելադրեց հաւատացեալներուն արդարութեամբ ապրիլ, Յովհաննէս Մկրտիչի նման։ Սրբազան հայրը պատգամեց, որ այս ուխտի օրը մեզի առիթ ըլլայ մաքուր եւ արդար կեանք մը ապրելու։ Ան յիշեց Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ եկեղեցին, որ հիմնուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ, եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան հասած էր դժուար օրերուն. այսօր ալ կը հասնի, աւելցուց սրբազանը, պայմանաւ որ իւրաքանչիւրս մեր ծառայութեան կեանքին մէջ արդարութեամբ, հեզութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ապրինք։ «Այսօր, մեր հոգիներուն մէջ ծունկի գանք եւ բարեխօսութիւնը խնդրենք Ս. Յովհաննէս Մկրտիչէն, որպէսզի մեր հաւատքը զօրացնէ. եթէ արդարութեան ճամբէն շեղած ենք, ապա արդարութեան ճամբուն մէջ դնէ մեզ, եթէ չենք ապրիր Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն, ապա մեր կեանքերը փոխէ, որպէսզի Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրինք։ Մեր զաւակներուն դաստիարակութեամբ նախանձախնդիր ըլլանք. ինչպէս որ Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ, ապրեցան աղօթքով, Աստուծոյ հնազանդութեամբ, այնպէս ալ մենք մեր զաւակներով միասին փորձենք իրենց նման ապրիլ», պատգամեց սրբազան հայրը։
Ս. պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, որ բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան՝ հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ
Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ՝ նախագահութեամբ սրբազան հօր, ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւին, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային երկրդ. վարժարանի տնօրէնին, Մարի Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչին, շրջանի ՀՅԴի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, Տիկնանց միութեան, ռումանահայ «Րաֆֆի» մշակութային եւ հայրենակցական միութեան վարչութեան եւ անդամներուն, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, երգչախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն, բարեկամներուն եւ հաւատացեալ բազմութեան։
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգեւոր հովիւը՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազանը։
Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, հովիւն ու հոգաբարձութիւնը պատուեն անձնդիր ու վաստակաշատ ծառայողներ։ Այս տարի, յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացան ռումանահայ «Րաֆֆի» մշակութային եւ հայրենակցական միութեան անցեալի եւ ներկայի նուիրեալները։
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, իր խօսքին սկիզբը մէջբերելով հայ ազգի մեծանուն վիպասան եւ գրող Րաֆֆիի հետեւեալ խօսքը՝ «Արդեօք գալո՞ւ է մի օր, ժամանակ, տեսնել Մասիսի գլխին մի դրօշակ, եւ ամէն կողմից պանդուխտ հայազգիք դիմել դէպ իւրեանց սիրուն հայրենիք»՝ ըսաւ, որ «այս է ռումանահայ «Րաֆֆի» հայրենակցական եւ մշակութային միութեան նշանաբանը, միութիւն մը՝ որ իր ողջ գոյութեան ընթացքին այս բառերու առթած կշռոյթով, իմաստով եւ պատգամով գործած է, կը գործէ ու ապագային ալ պիտի գործէ նոյն նուիրուածութեամբ եւ նոյն տեսլականով»։
Տէր հայրը միութեան պատմականը ըրաւ ծնունդէն՝ 1920ական թուականներէն, մինչեւ օրերս՝ 2011։ Ան շեշտեց, որ միութեան հիմնադիր անդամները՝ զինուած հայանուէր եւ ազգաշէն վեհ նպատակներով, իրենց առաքելութեան դաշտը դարձուցին ուսումնական-կրթական, մարզական եւ բարեսիրական, եկեղեցական եւ միութենական բնաւագառները, եւ իբրեւ արդիւնք, անոնք զօրավիգ եւ սատար հանդիսացան «Ֆերահեան», «Փիլիպոս» վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ։ Անոնք հիմնեցին ՀՄԸՄի հովանին վայելող ֆութպոլի առաջին խումբը, 1966ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ «Րաֆֆի» մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնը նախակարապետը եղաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շարժումին։ Ան հիմնեց նաեւ «Րաֆֆի» երգչախումբը, որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ «Գուսան» եւ անցաւ Համազգայինի հովանիին ներքեւ։ Միութիւնը ՀՕՄին հետ գործակցաբար ձեռք երկարեց Հայաստանի աղէտելաներուն, ռումանահայ համայնքի տարեցներուն ու կարիքաւորներուն։ Իսկ 2000 թուականը «Րաֆֆի» միութեան համար եղաւ անկիւնադարձ մը, նոր նուաճումի հանգրուան մը, երբ ան ունեցաւ իր նորակառոյց երկյարկանի շէնքը, որ դարձաւ նոր խթան եւ մղիչ ուժ, պրկուած կամքով, միասնական աշխատանքով, փոխադարձ յարգանքով եւ մանաւանդ՝ եղբայրական սիրով նոր հորիզոններ նուաճելու կամքով։
Յայտագիրին ընթացքին խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Միսաք Պարսամեան եւ «Րաֆֆի» միութեան ատենապետ Արա Էքիկեան. վերջինս շնորհակալութիւն յայտնեց ե-կեղեցւոյ հոգեւոր հո-վիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք «Րաֆֆի» միութեան անդամները արժանի տեսած էին պատուելու։
Ապա, տէր հայրը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետն ու ատենադպիրը՝ «Րաֆֆի» միութեան ատենապետին յանձնելու յուշատախտակ մը, որ կը գնահատէր միութեան անցեալի եւ ներկայի բոլոր անձնուէր անդամներն ու անոնց ծափահարելի աշխատանքը։
Պաշտօնական յայտագիրին կողքին, իրագործուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի եւ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ, որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը իրենց դաշնամուրի նուագներով, արտասանութիւններով, երգերով եւ հայկական պարերով։
Յայտագիրի աւարտին, տէր հայրը հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ միութեան շնորհեց «Օրհնութեան գիր» մը։ Սրբազանը գնահատեց միութեան բոլոր անդամները՝ իրենց կատարած ազգանուէր, հայրենանուէր, եկեղեցանուէր եւ Աստուածահաճոյ գործունէութեան համար:
«Պահպանի»չ աղօթքի օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։