«Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած երկարաշունչ յօդուածով մը, Ճէյմզ Թրաուպ անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ վերջին տասնամեակին արձանագրուած փոփոխութիւններուն՝ կեդրոնանալով յատկապէս Տաւութօղլուի դերակատարութեան վրայ:
Ան կը գրէ, թէ Թուրքիա մասամբ կրցած է իրագործել Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող երկրիներուն մէջ իր ազդեցութիւնը զօրացնելու նպատակը, որ մանրամասնուած է Տաւութօղլուի «Ռազմագիտական Խորք» հատորին մէջ՝ հրատարակուած 2001ին, հակառակ այն իրողութեան, որ «դրացիներու հետ զերօ հարցեր»ու քաղաքականութիւնը միշտ յաջողութեամբ չէ պսակուած:
Գրելով, թէ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին, թուրք նախարարը սովորաբար ի՛նքն է իր պատմած պատմութիւններուն հերոսը՝ յօդուածագիրը կը նշէ, թէ Տաւութօղլու կը փորձէ համոզել Ուաշինկթընը, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիա իր լաւագոյն դաշնակիցն է, եւ անհիմն կը համարէ այն պնդումները, թէ Թուրքիա սկսած է դէպի Արեւելք դառնալու:
Թրաուպ կ՛աւելցնէ, թէ Տաւութօղլու երբեմն պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կու տայ ինքնիրեն եւ Թուրքիոյ, միաժամանակ նշելով, որ Իսրայէլի հետ վերջին քանի մը տարիներու հարցերը եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ սերտացող յարաբերութիւնները, որոնք հակադիր խմբակներու մէջ դրած են Անգարան եւ Ուաշինկթընը, ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա երբեմն աւելի մեծ կարեւորութիւն կու տայ երկիրի քաղաքական ներքին հաշիւներուն, քան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեանց:
«Հակառակ քաղաքակրթութեանց պատմութեան լաւապէս ծանօթ ըլլալուն, Տաւութօղլու սխալ մեկնաբանած է Իսրայէլի եւ Իրանի նկատմամբ ամերիկեան զգացումները, կամ պարզապէս, Թուրքիոյ կարեւորութիւնը չափազանցած է, ինչ որ հետեւանք է յետկայսերական շրջանի բարդութեանց», կը գրէ Թրաուպ, մինչ քաղաքական մեկնաբան Հիու Փոփ կ՛աւելցնէ. «Անոնք (թուրքերը) այնպէս կը խօսին, որ կ՛ուզեն Եւրոմիութեան հետ հաւասարներու գործընկերութիւն հաստատել եւ ոչ թէ պարզապէս Եւրոմիութեան անդամ դառնալ: Անոնք նաեւ կը կարծեն, թէ Իսրայէլէն աւելի կարեւոր են»: