Ս. Մ.
Քանի մը օր առաջ, Վուտլընտ Հիլզ շրջանին մէջ անծանօթ զինեալի մը յելուզակութիւնը տակն ու վրայ ըրաւ շրջանը։ Դպրոցի մը առջեւ, ան կրակ բացած էր ոստիկան պահակի մը վրայ եւ խոյս տուած։ Բարեբախտաբար պահակը փամփշտարգել վահան մը հագած էր ու փրկուեցաւ մահէ։
Եւ ահա, ոստիկանութիւնը գործի անցաւ։ Ընդարձակ տարածութեան վրայ թաղամասեր առնուեցան պաշարման օղակի մէջ, եօթը-ութ դպրոցներու աշակերտներ ու անձնակազմի անդամներ, որոնք այլապէս կրնային լուր ալ չունենալ պատահածէն, իրողական բանտարկութեան դատապարտուեցան. աշակերտներու արտօնութիւն չտրուեցաւ ժամեր շարունակ լուացարան երթալու կամ պատառ մը բան ուտելու. արձանագրուեցան անասելի դէպքեր. ծնողներ ահ ու դողի, խուճապի ու սրդողումի մատնուեցան։
Պատկերասփիւռի կայաններու լրագրող «հերոսները», իրենց կարգին, լայն ասպարէզ գտան եւ օդէն ու գետնէն (եթէ դէպքը պատահած ըլլար ծովափին, հաւանաբար նաեւ ջուրերու մէջէն) ժամեր շարունակ «ծածկեցին» իրադարձութիւնները եւ… տեղքայլ մատնող «զարգացումները»։
Յայտնի չեղաւ, թէ աւազակը ի վերջոյ ձերբակալուեցա՞ւ։ Յստակ էր սակայն, որ ոստիկանութիւնն ու լրագրողները հսկայածաւալ ցոյց մը ըրած էին, մարմնաւորելով շէյքսփիրեան «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի» պատմական խօսքը (ինչպէս յաճախ կ՛ընեն ինքնաշարժ մը գողցող ու ազատուղիներու-ճամբաներու երկայնքն ու լայնքը չափող աւազակ մը ժամերով օդէն ու գետնէն հետապնդելու պահուն)։
***
Ո՛չ մէկ կասկած, որ ոստիկանները երախտաշատ աշխատանք կ՛ընեն, յաճախ իրենց կեանքը ափին մէջ առած՝ վտանգաւոր առաքելութիւններու կը նետուին, երբեմն զոհ ալ կ՛երթան ոճրագործներու փամփուշտներուն կամ այլ յելուզակութեանց։ Ոստիկան ուժերը միշտ ալ անհրաժեշտութիւն են եւ իրենց դժուարին պարտականութիւններուն ու զոհաբերումներուն համար ալ, կը վայելեն քաղաքացիներու յարգանքն ու համակրանքը։ Սակայն երբ անոնց առաքելութիւնը կը մատնուի նման ցուցական ելոյթներու, որոնք երբեմն ալ կը մնան անվաղորդայն, կարելի չէ իբրեւ խանդավառուող հանդիսատես հետեւիլ նման բեմադրութիւններու։
Քաղաքացիք արդարօրէն իրաւունք ունին հարց տալու, թէ ինչո՞ւ նոյն նախանձախնդրութիւնն ու պաշտօնին հաւատարմութիւնը չի ցուցաբերուիր, երբ մարդոց տուները կը կողոպտուին, յաճախ՝ օր ցերեկով։
Գաղտնիք չէ, որ աւազակութիւնները «բարգաւաճում» կ՛ապրին այս օրերուն, ըսել կ՛ուզենք՝ աւելի քան տարիէ մը ի վեր։
Չի բաւեր յայտարարել, թէ տնտեսական տագնապն ու անոր հետեւանք՝ գործազրկութիւնը, եկամուտներու անկումը (եւ մասամբ նորին) պատճառ կ՛ըլլան գողութիւններու եւ հակա-օրինական այլազան արարքներու բազմացման։ (Մեր խօսքը պաշտօնական կողոպուտի մասին չէ անշուշտ…)
Չի բաւեր քաղաքացիներուն յանձնարարել, որ բնակարաններու ապահովութիւնը երաշխաւորող սարքեր գնեն համապատասխան ընկերութիւններէ, յայտարարելով, որ բնակարանները աւազակութիւններէ զերծ պահելը ոստիկանութեան անմիջական պարտականութիւնը չէ, այլ՝ նման սարքեր վաճառող ընկերութիւններու, որոնց կանչին պատրաստ է ընդառաջ երթալու ոստիկանութիւնը (երբեմն այնքա՜ն ուշացումով, որ աւազակները արդէն փախած-կորսուած կ՛ըլլան)։ Յետոյ, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ աւազակները, շնորհի՜ւ իրենց արագօրէն զարգացող «մասնագիտութեան», պիտի չկարենան շրջանցել ամէնէն ապահով նկատուած ելեկտրոնային սարքերն անգամ։ Չէ՞ որ աւազակները յաճախ կը յաջողին քանի մը քայլ յառաջ անցնիլ զիրենք հետապնդողներէն ու իրենց դէմ թակարդ լարողներէն…։ Ծանօթ չէ՞ք արդեօք այնպիսի պարագաներ, ուր ապահովութեան ամէնէն արդիական սարքերով օժտուած քաղաքացիներ անգամ զոհ գացած են անհետ կորսուած գողերու։ Տակաւին, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ ապահովագրութեան ընկերութիւններ լիարժէք հատուցում պիտի կատարեն զոհերուն, անկախ այն իրողութենէն, որ երբեմն գողցուած առարկայ մը կամ գեղօր մը չի գնահատուիր միայն իր նիւթական արժէքով։
Այս բոլորին համար, ո՞վ որո՛ւն հաշուետու է. ո՞վ է, ի վերջոյ, իրական հաշուէառը, եթէ ոչ՝ ժողովուրդը, որ «Փավլովի Շան» պէս յաճախ կը պարտադրուի հետաքրքիր հանդիսատեսի դիրք բռնելու պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց եւ հրճուելո՜ւ, որ ոստիկաններ ու լրագրողներ կը տողանցեն տասնեակներով։
Կրկնենք. ոստիկաններուն դերն ու առաքելութիւնը կենսական են ու յարգելի։ Աւելորդ ու չափազանցեալ ցուցականութիւնն է աչք ծակողը, մանաւանդ երբ անիկա կը կատարուի շահատուրք վճարողներուն հաշւոյն։ Եւ իսկապէս, ո՞վ է հաշիւ պահանջողը ի տես նման մսխումներու։