ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիրակի, Յունուար 23ին տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 4րդ տարելիցին առթիւ յիշատակի երեկոյ մը՝ կազմակերպուած «Հրանդ Տինքի բարեկամներ» շրջանակին կողմէ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ չէզոք գօտիին մէջ գտնուող գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ: Ներկայ գտնուեցան թուրք, յոյն եւ հայ կիպրացիներ, նաեւ տասնեակ մը մամուլի ներկայացուցիչներ:
Նշենք, թէ նման հանդիսութիւն երկու տարի առաջ կազմակերպուած էր Կիպրաթուրք լրագրողներու միութեան կողմէ, հին հայկական թաղի նախկին հայկական ակումբի սրահին մէջ, որ ներկայիս «Արաբական Ահմետ մշակութային կեդրոն»ի վերածուած է: Ահա այդ հանդիսութիւնը նախաձեռնողներուն եւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով կազմուեցաւ «Հրանդ Տինքի բարեկամներ» շրջանակը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց կիպրաթուրք լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ եւ «Եէնի Քըպրըս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մուրատ Քանաթլը:
Առաջին խօսողն էր Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանը, որ թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի կեանքին ու գործին, ապա իբրեւ անոր երկար տարիներու մտերիմը՝ իր յուշերը պատմեց հասարակական մեծ գործիչին մասին:
Երկրորդ խօսողն էր Կիպրոսի համալսարանի թրքագիտական բաժինի տնօրէն Եսին Քըզըլէուրեք, որ թրքերէն եւ յունարէն լեզուներով անդրադարձաւ Տինքի դերակատարութեան՝ թուրք հանրային ենթագիտակցութեան մէջ պատմութիւնը հարցապնդելու եւ անցեալը դիմակայելու շարժումը սկսելու յանդուգն աշխատանքին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.