ԼԱՒԱԼ, Գանատա.- ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինի «Վարիչին լսարանը» ծրագիրի 4րդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունուար 16ին, Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի բոլոր մասնաճիւղերու վարիչներուն եւ վարիչ օգնականներուն:
Օրուան օրակարգերը յատկապէս կեդրոնացան դաստիարակչական ծրագիրներու փոխանցման վրայ:
Ընդհանուր վարիչ մարմինը արդէն իսկ որդեգրած էր կրտսեր պատանիներու համար ծրագիր մը, իսկ այս տարեշրջանին պատրաստեց եւ որդեգրեց երէցներու ուղղուած յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը՝ ներառելով նաեւ խաղերու տարբեր տեսակներ:
Իսկ Ուրբաթ, Յունուար 21ին, տեղի ունեցաւ Քէպէքի պատանիներու պաշտօնական փոխանցումը ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան շարքերը: Օնթարիոյի մէջ, նման արարողութիւն մը տեղի ունեցած էր Դեկտեմբեր 4ին, ՀՅԴ 120ամեակի տօնակատարութեանց ընթացքին: Պատանեկան միութենէն երիտասարդական շարքեր փոխանցուեցան 55 պատանիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.