Տասնութամսեայ ծրագրաւորումէ եւ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, անցեալ տարուան երրորդ եռամսեակին ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու ցանցը աւարտեց Հայաստանի Խաչիկ գիւղին մէջ այգիի մը կառուցումը՝ համագործակցելով առաջին անգամ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու՝ Պուենոս Այրեսի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Մարսէյի, Ֆիլատելֆիայի, Թորոնթոյի, Ֆրանքֆուրթի, մէջ գործող Երիտասարդ արհեստավարժներու մասնաճիւղերուն հետ:
Խաչիկ գիւղը կը գտնուի ատրպեճանական սահմանի մօտ Վայոց Ձորի մէջ, եւ այնտեղ կը բնակի 300 ընտանիք: Գիւղի զարգացման հեռանկարներուն նպաստելու նպատակով, այգիէն բացի, այնտեղ կառուցուած է նաեւ տեղեկատուական կեդրոն, իսկ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը՝ «Եունեսքօ»ի համագործակցութեամբ, վերանորոգած է 9րդ դարուն հոն կառուցուած հայկական եկեղեցին:
Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբը երկու գործնական դասընթացքներ կազմակերպած է տեղացիներուն՝ բացատրելու համար միջավայրի մաքրութեան եւ պահպանման կարեւորութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.