
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի օրակարգին վրայ այս տարի եւս դրուեցաւ Ապրիլ 24, 2011ը Քալիֆորնիոյ մէջ իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուական նշելու բանաձեւը՝ խորհրդարանականներ Էնթընի Փորթանթինոյի, Խաչօ Աշաճեանի ու նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի նախաձեռնութեամբ:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ նախագահ Պարաք Օպամային ու Քոնկրեսի անդամներուն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, որ Թուրքիա եւս պէտք է ընդունի, թէ պատասխանատու է աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու սպանութեան:
Ուրբաթ, Յունուար 29ին, այս լուրին անդրադարձող թրքական լրատու գործակալութիւնները նաեւ կը գրեն, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան 700 հազար հայեր, եւ այդ պատճառով, այդ նահանգի խորհրդարանի օրակարգին վրայ յաճախակի կերպով դրուած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բանաձեւեր։ Բանաձեւերը ընդհանրապէս քուէներու միաձայնութեամբ կ՛ընդունուին խորհրդարանին կողմէ: