ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Յունուար 28ին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Բիւրոյի նիստին, ըստ վեհաժողովի մասնակից՝ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, «Ժառանգութիւն» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի, որոշում կայացած է վերստեղծել Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովը:
Ենթայանձնաժողովի նախագահ նշանակուած է սպանացի պատգամաւոր, «Եւրոպայի դեմոկրատների եւ լիպերալների ալեանս» խումբի անդամ Խ. Խուքլայ ի Քոսթան:
Թէեւ հայկական պատուիրակութիւնը ողջ կազմով դէմ արտայայտուած է ենթայանձնաժողովի ստեղծման, սակայն, Փոստանջեանի փոխանցումով, այդ մէկը որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած:
Վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան անդամ, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան, իր կարգին յայտնած է, թէ Բիւրոյին մէջ բոլորը՝ բացի հայկական պատուիրակութենէն, կողմ եղած են Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի ստեղծման: Կողմ արտայայտուած են նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները ներկայացնող պատգամաւորները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յառաջիկային ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ հայկական կողմը՝ ընդդիմադիր պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան չբացառեց, որ հայկական պատուիրակութիւնը կրնայ պոյքոթի ենթարկել նորաստեղծ ենթայանձնաժողովի աշխատանքները:
Իսկ Նաիրա Զոհրաբեան նշեց, թէ նամակը, որ ստորագրուած է հայկական պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն կողմէ եւ բաժնուած է Բիւրոյի անդամներուն, յստակօրէն կը ներկայացնէ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Հայկական պատուիրակութեան անդամները տեղեակ չեն, թէ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի նախագահ Խ. Խուքլայ ի Քոսթան: Սպանացի պատգամաւորը նշեալ օրը տեղի ունեցած Բիւրոյի նիստին ներկայ չէր եղած:
Հայ Ազգային Կոնգրեսը (ՀԱԿ) նոյնպէս անընդունելի կը համարէ այս ենթայանձնաժողովին ստեղծումը: ՀԱԿի մամլոյ խօսնակ Արման Մուսինեան յայտնեց, որ իրենց համար այս ենթայանձնաժողովին ստեղծումը անընդունելի է՝ երկու պատճառով. նախ, որ ասիկա կը շեղէ ընդունուած չափանիշներէն եւ կը վնասէ բանակցային գործընթացը, իսկ երկրորդ՝ ենթայանձնաժողովը կրնայ պատրանքներ ստեղծել Ատրպէյճանի մօտ, թէ՝ ան կրնայ հարցին լուծումը փնտռել այլ ձեւաչափով մը, բացի Մինսկի խումբէն:
Ըստ ԵԽԽՎի մէջ ՀՀ պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի, հայկական կողմի դիրքորոշման համար հիմք կը ծառայէ քանի մը փաստարկ: Առաջինը, անոր հաւաստիացումով, այն է, որ անհրաժեշտ է նախ հասնիլ երկու պատուիրակութիւններու դիրքերու մերձեցման, այն առումով, որ վերջ դրուին փոխադարձ հակասական առկայ մեղադրանքներուն. «Նման փորձ ժամանակին կատարուել է 2006 թուականին, սակայն ի վիճակի չեն եղել լուծել այդ խնդիրը», ընդգծեց Դ. Յարութիւնեան:
Անոր խօսքով, յաջորդ փաստարկը այն է, որ յիշեալ յանձնաժողովի վերստեղծումով, ԵԽԽՎ անխուսափելիօրէն պիտի առնչուի այնպիսի խնդիրներու, որոնք համանախագահներու մանդատի ու իրաւասութիւններու ծիրին մէջ են. «Որքա՛ն էլ տպաւորութիւն ստեղծուի, թէ ուսումնասիրուելու են մարդասիրական բնոյթի հարցեր, այնուամենայնիւ, այդ բոլոր հարցերը քննարկւում են փաթեթով՝ Մինսկի խմբի համանախագահների ձեւաչափով: Մեր կարծիքով, յանձնաժողովի աշխատանքները ուղղակի կը խոչընդոտեն Մինսկի խմբի աշխատանքներին», նշեց պատուիրակութեան ղեկավարը:
Նշենք, որ նախապէս ՀՀ պատուիրակութեան բոլոր անդամները՝ Դաւիթ Յարութիւնեան, Արմէն Ռուստամեան, Նաիրա Զոհրաբեան, Արծրուն Աղաջանեան, Հերմինէ Նաղդալեան, Զարուհի Փոստանջեան, Արմէն Մելիքեան եւ Գրիգոր Մարգարեան, միացեալ նամակով մը դիմած են ԵԽԽՎ Բիւրոյին, ուր ներկայացուցած են հայկական կողմի մտահոգութիւնները, եւ յիշեցուցած, որ Եւրոխորհուրդի բոլոր մարմինները ունին հետեւողական մօտեցում՝ չմիջամտել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցային գործընթացին:
Յղում կատարելով 2010 Դեկտեմբեր 1ին ԵԱՀԿի Ասթանայի գագաթնաժողովին ընթացքին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան, ուր կ՛արձանագրուի միջնորդներու ներկայացուցած առաջարկներուն ամբողջականութիւնն ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձնացման անթոյլատրելիութիւնը՝ հայ պատուիրակները նշած են. «Հայկական պատուիրակութիւնը խորապէս մտահոգ է, որ Բիւրոյի գործողութիւնները կարող են վնասել Մինսկի խմբի համանախագահների միջոնրդութեամբ ընթացող հիմնական բանակցային գործընթացին»: