ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրոսի մէջ ՀՅԴ 120ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունուար 28ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ «Փասիտի» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մշակ Բանուոր»ով, որմէ ետք Արթօ Դաւիթեանի արտասանած խօսքով սկիզբ առաւ յայտագիրի գործադրութիւնը:
Ցուցադրուեցաւ 120ին մասին «Երկիր Մետիա»ի պատրաստած տեսաերիզը: Ապա Կիպրոսի կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Գազանճեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 120 տարիներու գործունէութեան զուգահեռ՝ 1896էն սկսեալ Կիպրոսի մէջ կուսակցական աշխատանքներուն, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս:
Ներկաները դիտեցին երեկոյի երկրորդ տեսաերիզը, որուն մէջ կիպրացի եւ յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ կ՛արտայայտուէին Դաշնակցութեան մասին՝ շնորհաւորելով անոր 120ամեակը:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նախ անդրադարձաւ ամբողջ աշխարհի կացութեան, ուր վերջին տասնամեակներուն ընկերային-քաղաքական հաւաքական վերաբերումը աստիճանաբար փոփոխութեան ենթարկուած է: «Այնքան գովաբանուող ու շահագործուող ժողովրդավարութիւնը դարձած է ծաղրանկարային. իսկ ուժեղ պետութիւններու կողմէ յաճախ ուրիշներուն վրայ դրուող ժողովրդավարութեան պահանջը վերածուած է քաղաքական ճնշումի միջոցի», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով հայութեան տեղին ու դերին՝ բանախօսը նշեց, թէ Հայաստան տակաւին կը պահէ խորհրդային վարչակարգի հասարակական տկարութիւնները, երբ անդին նոյն վարչակարգի թողած դրական ժառանգը մսխուած է արդէն առաջին օրերու խանդավառութեան, աճապարանքին եւ օրուայ իշխանութիւններու եսակեդրոն ու ամբոխային մօտեցումներուն պատճառով: «Բնական է, որ այս պայմաններուն մէջ քաղաքացիական բնականոն հասարակութեան մը կազմութիւնը կը դանդաղի, քանի հասարակութեան եւ իշխանութեան միջեւ անվստահութեան վիհը կը յամենայ: Հայաստանի զարգացումը, բոլոր մարզերէն ներս, այլազան պատճառներով ժամանակի կը կարօտի: Իմաստուն քաղաքականութիւն մը այդ ժամանակը կրճատելու կրնայ ծառայել միայն», յայտնեց Մկրտիչեան:
Աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.