ԱԹԷՆՔ.- Կիրակի, Յունուար 23ի երեկոյեան ժամը 7ին Այ. Սոսթիի «Աթինայիքօ» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի պարախումբերու համոյթը, մասնակցութեամբ «Նայիրի» (մեծերու), «Նանօր» (միջակներու) եւ «Մարալօ» (փոքրերու) պարախումբերուն:
Միութեան այս ներկայացումը նուիրուած էր «Հայկական աւանդական հարսնիք» նիւթին, ժողովրդական ու տոհմիկ յաւելեալ պարերու ներկայացումով:
Ձեռնարկին ներկայ եղան ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէն, ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Գրիգորեան, կրօնական դասը, ՀԿ Խաչի եւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութիւնները, գաղութի միութիւններ ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սրահը լեցուցած հայ եւ յոյն գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը:
Բացման խօսքը կատարեց Սիլվիա Պատանեան, որ անդրադարձաւ հայ երիտասարդ սերունդը համախմբելու միտող միութեան պարախումբերու աշխատանքին:
«Հայկական Աւանդական Հարսնիք» խորագիրը կրող ձեռնարկի իրագործման իրենց օժանդակութիւնը բերին բացի պարուսուցոյց Յովհաննէս Խաչիկեանէն, Անասթասիա Գույումճեան, Թալին Չերչեան, Նարինէ Եսայեան, Էտկար Էկեան եւ Սամուէլ Ալոյեան, իսկ տարազներու պատասխանատուն էր Նարինէ Ալոյեանը:
Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին հետեւեալ պարերը.-
«Աւանդական Հարսնիք», «Ցն-ծութիւն», «Քոչարի», «Շօրօր» «Կատակ պար», «Իլիկներ», «Ողջոյնի պար», «Շալախօ», «Ազգագրական պարերու շարք», «Զուռնի տրինգի» եւ «Հարսնիք»:
Շուրջ երկու ժամ տեւած ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Արա Գէորգեանի երաժշտութեամբ եւ երեք պարախումբերու բոլոր անդամներու միասնական ներկայութեամբ բեմին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.