ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ), «Ժառանգութիւն»ը եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը (ՕԵԿ) տակաւին չեն քննարկած երկպալատ խորհրդարան ստեղծելու գաղափարը:
Ըստ ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Մինասեանի, տակաւին պէտք է յստականան այդ գաղափարին հետ կապուած մանրամասնութիւնները: «Հանրապետական կուսակցութիւնը հարցը դեռեւս չի քննարկել, սակայն քննարկումները կը լինեն աւելի առարկայական, երբ գաղափարին միս ու արիւն հաղորդուի», նշեց Գ. Մինասեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է յստականան վերին ու ստորին պալատներու լիազօրութիւններուն առնչուող հարցերը, իսկ մինչ այդ, երկպալատ խորհրդարանի գաղափարը կը մնայ իբրեւ զուտ գաղափար:
Զրոյցի մասնակից ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Սաֆարեան, իր կարգին նշեց, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին կարծիք յայտնելու. կուսակցութեան կողմէ հարցը չէ քննարկուած տակաւին:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արա Նռանեան, իր հերթին նշեց, որ «Դաշնակցութիւն»ը նոյնպէս չէ քննարկած այս հարցը, եւ որ Բիւրոյի ու Գերագոյն մարմինի յառաջիկայ նիստերու օրակարգին վրայ այդ հարցը ընդգրկուած չէ:
Նշենք, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Յովսէփ Խուրշադեան յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը հարցը չէ քննարկած տակաւին, իսկ քննարկելէ ետք հասարակութիւնը պիտի տեղեկացուի այդ մասին:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեան, Յունուար 31ին պարզաբանած էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի՝ Քալիֆորնիոյ մէջ ըրած յայտարարութիւնը, թէ հաւանականութիւն կայ, որ ստեղծուի երկպալատ խորհրդարան մը, որուն վերին պալատին մէջ պիտի յայտնուին նաեւ սփիւռքահայեր: Ա. Արզումանեանի խօսքով, 2010ի Մայիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին արդէն իսկ քննարկուած էր Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնման հարցը, եւ խորհուրդի անդամներուն առաջարկուած էր մէկ տարի ետք այդ առնչութեամբ գաղափարներ ներկայացնել:
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը պատասխանատու քայլ է ու նախատեսում է բարդ եւ երկարատեւ ընթացակարգ: Նման որոշում կայացնելու համար, բնականաբար, պէտք է տեղի ունենան հանրային քննարկումներ եւ մասնագիտական մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ», նշած էր Ա. Արզումանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.